ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՊՇԱՐԱ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՆ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ
Արամ Ա. կաթողիկոս շաբաթ, 15 հոկտեմբերի առաւօտուն հանդիպում ունեցաւ մարոնի համայնքի հոգեւոր պետ Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Վեհափառը, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երէց միաբաններէն Եփրեմ արք. Թապագեանի, միաբան ու հոգեւոր հայրերու ընկերակցութեամբ այցելութիւն մը տուաւ Լոս Անճելըսի մարոնիներու եկեղեցին եւ դիմաւորուեցաւ պատրիարքին ու հոգեւոր հայրերու կողմէ: Ռայի պատրիարքին կողքին հանդիպումին ներկայ եղան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու եւ Պրազիլի մարոնիներու առաջնորդները եւ երկու հոգեւորականներ:
Խորհրդակցութեան նիւթ եղան Լիբանանի ներքին կացութիւնը, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան ու ապագային կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ միջինարեւելեան եկեղեցիներու եւ սփիւռքի մէջ ապրող անոնց զաւակներուն յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ գործակցութիւնը զարգացնելու առաջադրանքները: Երկու հովուապետները շեշտեցին քրիստոնեայ եկեղեցիներուն ու համայնքներուն միասնութեան կարեւորութիւնը եւ զանոնք աւելի եւս ամրապնդելու հրամայականը: Վեհափառը Ռայի պատրիարքը տեղեակ պահեց գլխաւոր գիծերուն իր այն դասախօսութեան, զոր օր մը առաջ տուած էր «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» համալսարանին մէջ` Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ապագային մասին, եւ ուր անդրադարձած էր շրջանի նորագոյն իրադարձութիւններուն, երեք միաստուածեան կրօններուն միջեւ դարաւոր գոյակցութեան ու համակեցութեան իրականութեան, զայն պահպանելու հրամայականին, ապա նաեւ քրիստոնեայ եկեղեցիներուն ու անոնց սփիւռքներուն միջեւ կապերուն ու գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութեան:
Մարոնիներու պատրիարքը, իր կարգին, տեղեկութիւններ փոխանցեց շրջանին մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ու անոնցմէ բխող եզրակացութիւններուն մասին, որոնք կ՛առնչուին յատկապէս Լիբանանին ու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին:
Հանդիպումէն ետք, հիւրընկալ ու հիւր հոգեւորականները անցան եկեղեցի, ուր միասնաբար աղօթքի պահ մը ունեցան: Այնուհետեւ, անոնք կարճատեւ հարցազրոյց մը ունեցան լրագրողներու հետ: Անոնք գնահատանքով արտայայտուեցան Քալիֆորնիոյ մէջ հայ ու մարոնի համայնքներուն գործակցութեան մասին եւ քաջալերեցին, որ կապերը աւելի եւս զարգանան, գործակցութիւնը ամրապնդուի:
ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ` Ի ՊԱՏԻՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՏՐՈՒԱԾ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ
Կիրակի, 16 հոկտեմբեր 2011-ին, ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսի պաշտօնական ճաշկերոյթ տրուեցաւ արեւմտեան թեմին կողմէ «Հիլթըն» պանդոկին մէջ:
Ճաշկերոյթին յատկանշական երեւոյթներէն մէկը մարոնի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Պշարա Ռայի պատրիարքին ներկայութիւնն էր: Արդարեւ, ընդառաջելով վեհափառին հրաւէրին, Ռայի պատրիարքը ութ հոգիներէ բաղկացած կրօնական պատուիրակութեամբ ներկայ գտնուեցաւ ճաշկերոյթին:
Ճաշկերոյթին ներկաները մեծ խանդավառութեամբ ողջունեցին Ռայի պատրիարքին եւ վեհափառին ներկայութիւնը: Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նախ հրաւիրեց Ռայի պատրիարքը իր խօսքը արտասանելու: Մարոնի պատրիարքը ջերմ բառերով ողջունեց վեհափառը, անդրադարձաւ անոր ունեցած դերակատարութեան` Լիբանանի մէջ եւ միջազգային բեմերու վրայ ի խնդիր Լիբանանի գերագոյն շահերուն, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքներուն դրական դերակատարութեան` իրենց երկիրներուն նկատմամբ: Վեհափառը իր կարգին ողջունելով պատրիարքին ներկայութիւնը ըսաւ, որ հակառակ պատրիարքին կարճ այցելութեան, իր ներկայութիւնը ճաշկերոյթին վկայութիւն մըն է հայ եկեղեցւոյ ու հայ համայնքին նկատմամբ իր ունեցած սիրոյն ու յարգանքին: Վեհափառը նաեւ ըսաւ, թէ ինք եւ Ռայի պատրիարքը ո՛չ միայն անձնական բարեկամներ են, այլ նաեւ անոնք միասին կ՛աշխատին իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան ամրապնդման ու Լիբանանի շահերուն համար:


