ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԶԴԱԿ»
Երէկ առտու «Ազդակ»ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի եւ անոր հետազօտման կեդրոնի փոխնախագահ դոկտ. Գնէլ Դուրեան` ընկերակցութեամբ «Լուսաւորչի կանթեղ» առաքելութեան պատասխանատուներէն Նիկոլ Սալխանեանի:
Դոկտ. Դուրեան մօտէն ծանօթացաւ «Ազդակ»ի աշխատանքներուն, կարեւորութեամբ շեշտեց սփիւռքահայ մամուլի դերակատարութիւնը: Այնուհետեւ զրոյցը կեդրոնացաւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ներկայ իրավիճակին, դասաւանդուող մասնագիտութիւններուն, յառաջիկայ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ գիտական աշխարհին եւ կրօնական հաւատքին վերաբերող հարցերուն վրայ:
Դոկտ. Դուրեան այս առիթով «Ազդակ»ին եւ «Վանայ ձայն»ին տուաւ միացեալ հարցազրոյց մը:
CATEGORIES Գաղութային


