ՍԱՐՔՈԶԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ՅՂԱԾ ՆԱՄԱԿԻՆ ՄԷՋ. «ՖՐԱՆՍԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՔԻՆ Է»

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին յղած է նամակ մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստան կատարած պետական այցելութեան ընթացքին իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած «բացառիկ ընդունելութեան» համար:

«Իմ պետական այցելութենէս նախ եւ առաջ մնացած է այն խոր յուզումի զգացումը, զոր ապրեցայ Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մօտ` 24 ապրիլ 1915-ին ձեր ժողովուրդին դէմ իրագործուած մահավճիռին զոհերուն յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու ընթացքին: Վստահ եղէք, որ Ֆրանսա պիտի չդադրեցնէ իր յանձնառութիւնը, այնքան ատեն որ տակաւին այդ ջարդերը պէտք եղածին պէս չեն ճանչցուած իրականացնողներու ժառանգորդներուն կողմէ», նամակին մէջ ըսած է Ֆրանսայի նախագահը:

Նամակին մէջ Ֆրանսայի նախագահը նաեւ վստահեցուցած է, որ Ֆրանսա Հայաստանի կողքին է:

Share this Article
CATEGORIES