ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՊԵՌՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ
Միջխորհրդարանական միութեան նախագահին եւ Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի ու Պետութիւններու խորհուրդի նախագահներուն հրաւէրով` Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան 16-19 հոկտեմբերին Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ կը մասնակցի Միջխորհրդարանական միութեան յոբելենական 125-րդ վեհաժողովի աշխատանքներուն:
Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Միջխորհրդարանական միութեան մէջ Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամներ Հեղինէ Բիշարեան, Անահիտ Բախշեան եւ Միքայէլ Վարդանեան:
Այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուին երկկողմանի հանդիպումներ շարք մը երկիրներու նախագահներուն հետ:
CATEGORIES Հայկական

