ԴԵՍՊԱՆ ՀԵՖԸՐՆ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՃԷՆՆԵՐԸ ՅԱՆՁՆԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ԵՒ ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻՆ

Դեսպան Հեֆըրն եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Հեֆըրն:

Նախագահը յոյս յայտնեց, որ դիւանագիտական ասպարէզին մէջ իր ունեցած փորձառութեամբ դեսպանը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու յաւելեալ խորացման: Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները լուրջ խթան կը հանդիսանան տնտեսական զարգացման, ժողովրդավարութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման առումով:

«Մենք շնորհակալ ենք Միացեալ Նահանգներուն մեզի համար չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունեցող խնդիրներուն մէջ հաւասարակշիռ մօտեցման համար: Այսօր մենք մեր յարաբերութիւնները աննախադէպ կը նկատենք: Առիթէն օգտուելով կը ցանկամ գնահատանքի խօսք ըսել նախկին դեսպանին` Մարի Եովանովիչի կատարած լաւ աշխատանքին համար», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:

Նոր նշանակուած դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ խօսքերուն համար եւ իր կարգին ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման ու զարգացման կարեւորութիւնը: Ճոն Հեֆըրն նշեց, որ նախագահ Պարաք Օպամա բարձր կը գնահատէ Հայաստանի վճռականութիւնը շրջանային հարցերը լուծելու ուղղութեամբ, եւ Միացեալ Նահանգներ հաստատակամ են շարունակելու Հայաստանի հետ շրջանային խնդիրները լուծելու աշխատանքը: Դեսպանը կարեւոր նկատեց նաեւ երկկողմանի տնտեսական կապերու սերտացումը եւ փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման ուղղուած աշխատանքը:

Դեսպան Ճոն Հեֆըրն իր հաւատարմագիրերուն պատճէնը յանձնեց նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին:

Շնորհաւորելով Միացեալ Նահանգներու դեսպանը` Է. Նալբանդեան յաջողութիւն մաղթեց անոր եւ յոյս յայտնեց, որ դեսպանը իր գործունէութեամբ նպաստէ վերջին շրջանին միացեալ ջանքերով որակապէս նոր մակարդակի բարձրացած հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութեան յաւելեալ զարգացման եւ խորացման:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարեմաղթութիւններուն համար` դեսպան Հեֆըրն նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ համակողմանի փոխադարձ գործակցութեան զարգացումը վստահեցնելով, որ պիտի կատարէ առաւելագոյնը` երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդելու համար:

Նախարար Նալբանդեան եւ դեսպան Հեֆըրն զրոյց ունեցան հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն առնչուող բազմաթիւ հարցերու` Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Հայաստանի զարգացման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման շուրջ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին շրջանային խնդիրներուն վերաբերեալ: Այս ծիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու դրական ներգրաւուածութիւնը արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ` իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ:

Share this Article
CATEGORIES