ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՓԻՒՆԻԿ – ԲԱՆԱՆՑ` 0-3

Երէկ, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Փիւնիկ Երեւան 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Բանանցէն: Պրունօ Քորիա հեթրիք մը իրագործեց (34-րդ, 52-րդ եւ 53-րդ):

Փիւնիկի կրած այս պարտութիւնը մեծ առիթ մը տուաւ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ուլիսի, որպէսզի ախոյեանութեան տիտղոսին գծով մեծ քայլ մը առնէ: Ուլիս, որ այժմ ութ կէտով կը գերազանցէ Փիւնիկը (3-րդ), միայն երկու կէտի կարիք ունի` տիտղոսին տիրանալու համար:

Երէկուան երկրորդ մրցումին Իմփուլս իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Միքայէն:

 

Share this Article
CATEGORIES