ՃԱՏՐԱԿԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ ՎԵՐՍԿՍԱՆ ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ
Վարժարաններուն նման ամառնային արձակուրդէն ետք, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք էլ Պլաթ) վերսկսան ճատրակի դասընթացքները, որոնք տեղի կ՛ունենան իւրաքանչիւր շաբաթ օրերը` ժամը 18:30-էն 20:00:
Բնականաբար ճատրակի այս դասընթացքներուն կայացումը երբեք չի խանգարեր հայկական վարժարան յաճախողները եւ կամ չի խաչաձեւեր ՀՄԸՄ Պէյրութի սկաուտներուն աշխատանքները` նկատի ունենալով, որ անոնք նոյն ժամանակամիջոցին չէ, որ տեղի կ՛ունենան:
Նշենք, որ այդ փորձերը տեղի կ՛ունենան հսկողութեամբ մարզիչ Գէորգ Կոստանեանի, որ այժմէն իսկ աշխատանք կը տանի եւ կը պատրաստէ իր աշակերտները, որպէսզի լաւ արդիւնք արձանագրեն նոր տարեշրջանին տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն ընթացքին:
CATEGORIES Մարզական

