ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՌԱՖԱՅԷԼ ՎԱՀԱՆԵԱՆԸ ԵՒ ԵՐԵՔ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՅԼ ՎԱՐՊԵՏՆԵՐ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան (ձախին) եւ Ռաֆայէլ Վահանեան

Շաբաթ, 15 հոկտեմբերին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին նախագահն է, Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ Պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ ներկայ գտնուած է աշխարհահռչակ ճատրակ խաղացող, միջազգային կրանտմասթըր, ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականի կրկնակի ախոյեան եւ աշխարհի խմբային ախոյեանութեան կրկնակի ախոյեան Ռաֆայէլ Վահանեանի 60-ամեակին նուիրուած յոբելենական երեկոյին:

Նախագահ Սարգսեան ջերմօրէն շնորհաւորելէ բացի Ռաֆայէլ Վահանեանը, անոր յանձնեց Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-րդ տարեդարձին առիթով, ինչպէս նաեւ ճատրակի զարգացման աշխատանքին մէջ անոր ներդրած նշանակալի աւանդին, ձեռք բերած ակնառու յաջողութիւններուն եւ փայլուն յաղթանակներու համար շնորհուած պետական պարգեւը` «հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի մետալը:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սարգսեան ըսաւ. «Ռաֆայէլ Վահանեան հայկական եւ ո՛չ միայն հայկական մարզաշխարհի այն ներկայացուցիչներէն է, որ այս մարզաձեւին խորքը հետք ձգելէ բացի, իր ետեւէն տարած է հազարաւոր, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ: Ան ոչ միայն նախկին Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանի անուանի վարպետներէն մէկն է, այլեւ` այսօրուան մեր հաւաքականին փայլուն յաջողութիւնները կերտողներէն մէկը: Ես անձամբ տեսած եմ, որ ան իր ետեւէն կրնայ տանիլ խումբը, ինչպէս նաեւ ականատես եղած եմ, թէ ան ինչպէ՛ս կրնայ պայքարիլ»:

Այդ երեկոյին ընթացքին նախագահ Սարգսեան նոյն այդ առաջին աստիճանի մետալը յանձնեց նաեւ Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին հետ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած միջազգային կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեանին` Հայաստանի մէջ աղջկանց ճատրակի զարգացման մեծապէս նպաստած ըլլալուն եւ միջազգային մրցաշարքերուն ընթացքին իր ունեցած յաջողութիւններուն համար:

Նախագահ Սարգսեան պետական պարգեւներ յանձնեց նաեւ միջազգային կրանտմասթըրներ եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականին հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Ռոպերթ Յովհաննիսեանին եւ Սերկէյ Մովսիսեանին, որոնք ստացան Մովսէս Խորենացիի մետալներ:

Share this Article
CATEGORIES