ԵՒՐՈՊԱՅԻ 17 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ԿԱԼԵՍԻ` 3-2 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ
Երէկ, Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, Հայաստանի հաւաքականը (Թ. խմբակ), որ ճակատեցաւ Կալեսի դէմ, 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Թէեւ Կալես 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ (11-րդ եւ 29-րդ), սակայն Էտկար Յարութիւնեան երկու կոլ նշանակելով յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (40-րդ եւ 57-րդ): Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն Վարդան Պաքալեան նշանակեց Հայաստանի յաղթանակի կոլը:
19 հոկտեմբերին Հայաստան կը մրցի դաշտին տիրոջ` Սերպիոյ դէմ, որ երէկ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Լիթուանիոյ:
CATEGORIES Մարզական

