ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻ ՏԱՍԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԷՊՔԵՐԸ

«Նուվել տ՛Արմենի» ամսաթերթի յուլիս-օգոստոս 2011-ի թիւին մէջ լոյս տեսած է յօդուած մը` Հայաստանի անկախութեան 20-րդ տարեդարձին առիթով, որուն մէջ կը նշուին տասը կարեւոր դէպքեր, որոնք տեղի ունեցած են Հայաստանի մէջ վերջին 20 տարիներուն ընթացքին: Յօդուածը ստորագրած են ամսագրի թղթակիցներ Ռընէ Ծակոյեան, Ֆրանք Կայեատ, Կարօ Իւլիւպէյեան եւ Արա Թորանեան:

Ա. ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Պետական համակարգի փոփոխութիւն

21 սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստանի բնակչութիւնը բացարձակ մեծամասնութեամբ «Այո» ըսաւ հանրապետութեան անկախութեան:

Ազատութենէ զրկուած ժողովուրդի մը զարթօնքն էր ասիկա: 71 տարիներու համայնավարական վարչակարգէն ետք, հանրաքուէէն երկու օր ետք խորհրդարանը հռչակեց ծննդոցը Հայաստանի Բ. հանրապետութեան: 1918-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հայեր տէր կը կանգին իրենց ճակատագրին եւ կը վերամիանան միջազգային ընկերութեան, ազգերու շարքը մտնելով: Սա կը նշանակէ իրաւունքներու տիրանալ եւ պատասխանատուութիւններ վերցնել: Անկախութիւնը կը հռչակուէր, երբ Հայաստանի մէջ կը տիրէր պատերազմ, քաոս, երկրաշարժին յաջորդող ծանր օրեր եւ շրջանային թշնամութիւններ: Հակառակ այս բոլորին` Երեւանը կը պահէ իր պաղարիւնութիւնը, զօրավիգ կը կանգնի ղարաբաղցիներուն, որ հռչակեն իրենց անկախութիւնը: Անկախութիւնը նպատակակէտ մը չէ, այլ` անոր ընդմէջէն ժողովուրդին տալ բարգաւաճում, զարգացում եւ յառաջդիմութիւն:

20 տարիներէ ետք անիմաստ է վերադառնալ իրագործումներու մանրամասնութեանց, կատարուածները հոն են ու անոնք կը միտին զօրացնելու ինքնիշխան Հայաստանը: Նոյն ատեն տակաւին շատ բան կայ ընելիք ամէն ուղղութեամբ եւ առանց հայ ժողովուրդի միասնութեան եւ պատասխանատուութեան զգացումին, Հայաստանը կրնայ շնչահեղձ ըլլալ: Արտագաղթ, կաշառակերութիւն եւ ներքին հակամարտութիւն, որոնցմէ պէտք է ձերբազատի հայ մարդը եւ զանոնք իրագործելու միջոցը ունի ան: 1991-էն ի վեր անկախութիւնը չէ, որ հարց կը ստեղծէ, այլ հայ` մարդուն նկարագիրը, բայց նոյն ատեն յուսահատիլ պէտք չէ, որ ան օր մը պիտի դառնայ աւելի ազատամիտ, աւելի արդար եւ աւելի գործակցող, քանի որ հայը բնութեամբ խղճամիտ է:

Ֆ. Կ.

Բ. ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԸ
Անկիւնադարձ

8-9 մայիս 1992-ի գիշերը հայկական զօրքերը երեք ուղղութեամբ Շուշիի վրայ յարձակման կ՛անցնին, ազերիներու վերջին միջնաբերդը` Ղարաբաղի մէջ: Մայիս 9-ին Շուշիի շուրջ գտնուող գիւղերու մէջ տաք կռիւներէ ետք քաղաքը կ՛իյնայ հայերուն ձեռքը` շնորհիւ 2500

հայ ազատամարտիկներուն, որոնք կու գային Հայաստանէն ու Ղարաբաղէն: Ստեփանակերտի ժողովուրդը 9 մայիսի առաւօտը արթնցաւ առանց ազերիներու ռումբերու ձայնին: Երեք տարի շարունակ գիշեր ու ցերեկ ազերիներու կողմէ Շուշիէն Ստեփանակերտի վրայ արձակուած ռումբերու տարափը չէր ընկճած ստեփանակերտցիներու լինելիութեան կամքը, այլ ընդհակառակը, աւելի զօրացած էր անոնց պատերազմելու կարողութիւնը: Շուշին, որ հայութեան պատմական օրրանը եղած էր, անոր գրաւումը անկիւնադարձ մը եղաւ Ղարաբաղի պատերազմին համար: Էլչիպէի կառավարութիւնը խուճապի մէջ էր, հայկական զօրքերը կ՛ազատագրեն մէկ առ մէկ Ղարաբաղի շուրջ գտնուող քաղաքները` Լաչինը, Քելբաջարը, Աղտամը, Ֆիզուլին, Զանգելանը, Ղուպաթլին եւ Ճիպրայելը: Մինչ հայ զինուորները իրենց

գործը աւարտին կը հասցնէին, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ հայ ժողովուրդը պաստառներ կը բարձրացնէր` «Միացում» յայտարարութեամբ: Ղարաբաղի խորհրդարանի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտիչեանը, որ կը մահանայ Շուշիի ազատագրութենէն քանի մը շաբաթներ առաջ, կ՛ըսէ. «Եթէ մենք պիտի չկարենանք օգտագործել հայոց յաղթանակները ամէն մարզէ ներս, կռիւները ոչինչի կը ծառայեն»:

Ֆ. Կ.

Գ. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԱՅՐԱԳՈՒԹԻՒՆ
27 հոկտեմբեր 1999 – 1 մարտ 2008

Քաղաքական բռնութեան երկու ցնցիչ դէպքեր տեղի կ՛ունենան 20-ամեայ ժամանակաշրջանին: Առաջինը 27 հոկտեմբեր 1999-ի ոճիրն էր: Քանի մը զինեալներ մուտք գործելով խորհրդարան` ամենայն սառնասրտութեամբ կը սպաննեն խորհրդարանի նախագահը, վարչապետը, հինգ նախարարներ եւ երեսփոխաններ, չտեսնուած վայրագութեամբ մը, որ մինչեւ այդ օրը ամբողջ աշխարհի մէջ չէր պատահած: Ինն տարի վերջ կրկին սուգը կը պատէր Հայաստան աշխարհը: 1 մարտ 2008-ին պետութեան կողմէ քաղաքական ցոյցերը ճնշելու փորձի ընթացքին կը մահանայ 10 հոգի, երկուքը` ոստիկաններ եւ ութ ցուցարարներ: Այս երկու արիւնալի պատահարներն ալ տեղի ունեցան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանութեան առաջին եւ վերջին օրերուն: Անոնց վրայ կարելի է աւելցնել մամուլի աշխատակից Տիգրան Նաղդալեանի սպանութիւնը` դեկտեմբեր 2001-ին, որմէ երկու ամիսներ առաջ ծեծի տակ սպաննուած էր Պօղոս Պօղոսեանը` Քոչարեանի թիկնապահներուն կողմէ, «Բաբլաւոք» սրճարանի բաղնիքին մէջ: Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան շրջանին, 1994-ին տեղի կ՛ունենայ սպանութիւնը ՀՅԴ-ի անդամի մը «Դրօ» մասնաճիւղէն: 1992-1994 շրջանին տեղի կ՛ունենան երկաթուղագիծի տնօրէն Համբարձում Քանդիլեանի եւ Աշտարակի շրջանի քաղաքապետութեան նախագահ Յովհաննէս Սուգիասեանի սպանութիւնները: Այս թիւերը, որոնք վերջնական չեն, կը ներկայացնեն քաղաքական վայրագութեան անգութ դէմքը, որ կը բացատրուի քաղաքական հակառակորդը ոչնչացնել ամէն միջոցներով` ծեծով, բանտարկութեամբ, սպանութեամբ, ինչպէս նաեւ` ընտրութիւններու մէջ զեղծարարութեամբ: Պէտք է յիշել, որ բացի անկախութեան համար հանրաքուէէն` բոլոր ընտրութիւններուն զեղծարարութիւնները անպակաս էին:

Ա. Թ.

Դ. ՄԱՄԼՈՅ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
Սա ԿԱԼԱ չէ

Անկախութեան 20 տարիներու ընթացքին մամուլը կաշկանդուած կը մնայ: Լսատեսողական ասպարէզին մէջ ներգրաւուած են բազմաթիւ առեւտրական թեքումով ընկերութիւններ, որոնց տուած տեղեկութիւնները ընդհանրապէս իշխանութեան ի նպաստ են, բացի «Երկիր Մեդիա» կայանէն (ՀՅԴ-ին), որ չի կողմնորոշուիր ի նպաստ պետութեան, ոչ ալ իր հակառակորդ Տէր Պետրոսեան խմբակին:

2002-ին Ռոպերթ Քոչարեանի հրամանով «Ա1+» կայանի փակումէն ի վեր, այլեւս հեռատեսիլի ոչ մէկ կայան պետութեան դէմ դիրքորոշուելու քաջութիւնը կ՛ունենայ: Դժգոհութեան ձայն բարձրացնողները կը պակսին, ոչ անոնց դատարան դիմումները եւ ոչ ալ պետութեան խօսքի ազատութեան խոստումները արդիւնք մը կու տան: Գիւմրիի «GALA» կայանը, որուն դէմ պետութեան կողմէ եղած հալածանքներուն համար մեծ աղմուկ բարձրացուց ժողովուրդը, ան ալ կորսնցուց իր պատկերասփռելու իրաւունքը անցեալ դեկտեմբերին: Մամուլը միւս կողմէ, քիչ մը աւելի ազատութիւն կը վայելէ, քան` հեռատեսիլը, բայց անոր ալ կարելիութիւները սահմանափակ են: Տպաքանակը օրական միայն 4000 է, որ չի կրնար մրցիլ հեռատեսիլին հետ: Գալով թերթի լրագրողներուն` անոնք ալ միշտ ճնշումի տակ են իշխանութիւններուն կողմէ: Անոնցմէ շատերը 2008-ին եւ 2009-ին ծեծի ենթարկուած են, Էդիկ Պօղոսեան` «Հետք» համացանցի պատասխանատուն, Արգիշտի Քիվիրեան «Armenian Today»ի պատասխանատուն, Լուսինէ Բարսեղեան «Ժամանակ» թերթի թղթակից, Գագիկ Չամչեան

«Առաւօտ» թերթի թղթակից: Ամենայնդէպս կարելի է նշել, որ 2010-էն ի վեր մամուլը քիչ մը աւելի ազատութիւն կը վայելէ:

Ա. Թ.

Ե. ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
Յարութիւն

Ամբողջ խորհրդային շրջանին եկեղեցին հալածուած ու սանձուած էր: Անկախութենէն ետք Հայաստանեայց եկեղեցին կեանքի վերադարձաւ իր ամբողջ ուժով, որ միայն կարելի եղաւ Էջմիածինի եւ Անթիլիասի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններու մերձեցումով: Էջմիածինի Վազգէն Ա.-ին յաջորդեց Գարեգին Ա.-ը, որ գահակալեց միայն չորս տարի` 1995-1999: Գարեգին Ա.-ին յաջորդեց Գարեգին Բ.-ը, որ կազմակերպեց 1700-ամեակի տօնախմբութիւնը քրիստոնէութիւնը պետական կրօն դառնալու: Հայաստանեայց եկեղեցւոյ վերազարթնումն էր, որ կը տօնուէր: Այս շրջանին Հայաստան կ՛այցելէ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը, որ իր յարգանքի տուրքը կը մատուցանէ 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակին` Ծիծեռնակաբերդ այցելելով: Կը նորոգուին ու կը վերաբացուին շուրջ 200 եկեղեցիներ` Հայաստանի շատ մը շրջաններու մէջ: Երեւանի մէջ կը կառուցուի մեծածաւալ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Տեղի կ՛ունենան եկեղեցական բարենորոգումներ` սկսած Վազգէն Ա.-ի օրով եւ շարունակուած Գարեգին Ա.-ի եւ Գարեգին Բ.-ի օրերուն: Այս բարեփոխումները թէեւ ոմանց կողմէ շատ հաշտ կերպով չդիտուեցան այն վախով, որ եկեղեցին իր ազատախոհութիւնը եւ թափանցիկութիւնը կրնայ կորսնցնել կեդրոնաձիգ դառնալով :

Ա. Թ.

Զ. ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Երկու արագութեամբ ընթացող ընկերութիւն մը

Հանրապետութեան եւ Ազատութեան հրապարակներուն վրայ է, որ կը տրոփէ Երեւանի սիրտը: Իսկ Հիւսիսային պողոտան, որուն բացումը կատարուեցաւ 16 նոյեմբեր 2007-ին մեծ ծանուցումներով, ան ալ կը ներկայացնէ Երեւանի նոր դիմագիծը, իր բարձրաբերձ շէնքերով, առեւտրական շքեղ գրասենեակներով, վերջին նորոյթները պարունակող գեղեցիկ խանութներով: Նորարարութիւնը եւ քաղաքաշինութիւնը քառասմբակ կը յառաջանան Երեւանի մէջ, բոլորովին անյարիր խորհրդային շրջանի օրէնքներուն, որուն ծանր հետքերը տակաւին կը մնան: Դրամատիրութեան կարգն ու սարքը սկսած են իշխել կեանքի ամէն հոլովոյթներուն վրայ: Մութ ապակիներով երկնաքեր շէնքեր սունկի պէս կը բարձրանան ամէն կողմ, առանց նկատի ունենալու Երեւանի ճարտարապետական գեղագիտական նախկին կառոյցները: Շէնքերուն դէպի երկինք սլացքին հետ անոնց գիներն ալ կը սլանան դէպի վեր` անհասանելի ըլլալու չափ: Մէկ կողմէ մէջտեղ կու գայ նոր հարուստներու դասակարգ մը, որ ոչ մէկ միջոց կը խնայէ աւելի հարստանալու եւ ժողովուրդը աւելի կեղեքելու: Միւս կողմէ` ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կ՛ապրի ծայրագոյն չքաւորութեան մէջ: Գիւղացիին, արհեստաւորին եւ արհեստավարժին վիճակը դարձած է անտանելի: Գաւառներէն մարդիկ կը խուժեն քաղաք ու քաղաքէն դէպի հեռաւոր երկիրներ, Ռուսիա, Եւրոպա եւ Ամերիկաներ: 20 տարուան անկախութեան շրջանին բնակչութեան թիւին վրայ ոչ մէկ յաւելում արձանագրուած է: 2008-ի համաշխարհային տնտեսական տագնապը աւելիով պատճառ եղաւ արտագաղթի: Ամէն կողմէ սկսան ձայներ բարձրանալ` պէտք է կասեցնել արտագաղթը, երկիրը կը գլորի դէպի անդունդ:

Կ. Ի.

Է. ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ
Տաթեւը կը թռչի իր լայն թեւերով

Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ եւ մկրտութեամբ 16 հոկտեմբեր 2010-ին, քաղաքական եւ եկեղեցական անձնաւորութիւններու ներկայութեան մեծ շուքով բացումը կատարուեցաւ ճոպանուղիին, որ կը կապէ մայր ուղին եւ Տաթեւի վանքը, որ մեր հոգեմտաւոր կեդրոններէն մին եղած է, կանգնած` ժայռերու խոռոչին մէջ, Որոտան գետի եզերքը: Ան կը գտնուի Հալիձորի մէջ, Հայաստանի հարաւը, Երեւան-Գորիս ճամբուն վրայ: Վանքը մայրուղիէն 320 մեթր ցած եւ 5700 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: Ճոպանուղին այս միջոցը կը կտրէ միայն քանի մը վայրկեանէն, մինչդեռ ճամբորդ մը, գործածելով դարձդարձիկ ու վտանգաւոր արահետը, հոն պիտի հասնէր 90 վայրկեանէն: Ճարտարագիտական մեծ իրագործում մը, ոչ միայն հայկական չափանիշով, այլ նոյն ատեն` միջազգային, հաստատելով ճոպանուղիի երկայնքի միջազգային նոր մրցանիշ մը, որ երկրին արժեց 13 միլիոն եւրօ, որուն պտուղները կը յուսայ ան քաղել տարեկան բազմահազար զբօսաշրջիկներու շրջան այցելութեամբ: Ճոպանուղիին կառքը կը փոխադրէ 25 հոգի եւ ասիկա` տարուան չորս եղանակներուն: Վանքը, որ քանդուած էր 1936-ին երկրաշարժի պատճառով վերանորոգուած է: Բոլոր այս աշխատանքները պետական ծրագրուած իրագործումներ են` զարգացնելու համար հարաւի դաշտային շրջանները, որուն ծայրամասը կը գտնուի Ղարաբաղի նորանկախ իշխանութիւնը: Պէտք է շեշտել, որ 2001-ի քրիստոնէութեան դարձի 1700-ամեակի տօնակատարութիւններէն ետք զբօսաշրջութիւնը տեւական վերելքի մէջ է:

Կ. Ի.

Ը. ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ
ՓՈԽ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

Երազողներու ձայնը

Անկախութեան առաջին տարիներուն, երբ դժուարութիւնները անհամար էին` ցուրտը, անօթութիւնը, երկրաշարժը, պատերազմը, տարիքոտ երեւանցի մը այցելու ֆրանսահայի մը կ՛ըսէ. «Դուք` սփիւռքահայերդ հայրենիք կ՛երազէք, իսկ մենք զայն կ՛ապրինք»: Բայց մենք` սփիւռքահայերս բարի երազողներ եղանք: Այս երազին պատճառով բազմաթիւ սփիւռքահայ երիտասարդներ, մէջը ըլլալով Մոնթէ Մելքոնեանը, Մարսէյէն, Պէյրութէն, Լոս Անճելըսէն ճակատ գացին հայաստանցի եւ ղարաբաղցի մարտիկներուն հետ կողք-կողքի կռուելու: Նոյն երազով է, որ սփիւռքահայը կը ջանայ օգտակար ըլլալ հայրենիքին` կառուցելով ճամբաներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ, գիւղերուն` ջրամատակարարում: Ասիկա` շարունակաբար ամէն տարի, թեթեւցնելով պետութեան պիւտճէին բեռը: Բայց այդ երազը սկսաւ մթագնիլ, երբ տեսաւ, որ Հայաստանը այն չէ, ինչ որ ինք կ՛երազէր, այլ հոն կան` կողոպուտ, ապականութիւն, ցուցարարներու բանտարկութիւն, ընդդիմութեան հալածանք: Մէկ գիշերուան մէջ հայրենիքի գեղեցիկ երազը հանգաւ, երբ սփիւռքահայը լսեց 1999-ի խորհրդարանի մեծաւորներուն ջարդը, եւ կամ` 2008-ի ցուցարարներուն դէմ եղած պետական վայրագ վարմունքն ու սպանութիւնները: Հետագային ցուցարարներէն ոմանք ազատ արձակուեցան, ընդդիմութիւնը սկսաւ խօսիլ պետութեան հետ, վիճակը սկսաւ կամաց-կամաց բարելաւուիլ, հակառակ անոր որ դժգոհողներ կան: Սփիւռքի համար նախարար մը նշանակուեցաւ, թէեւ անոր ծրագիրները շատ ալ յստակ չեն սփիւռքի երազողներուն համար: Մինչեւ որ հայրենիքը իր կեցուածքը փոխէ` «Քալէ կամ սովամահ եղիր», սփիւռքը պիտի շարունակէ իր ճամբով «Քալէ եւ երազէ»:

Ր. Ծ.

Թ. ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
PAX ARMENICA
Հայկական խաղաղութիւնը կամ երազը անիրականանալի

80 տարիներու PAX Sovietica-ն մոռցնել տուած էր, որ Հայաստանը կառուցուած էր 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան մոխիրներուն վրայ: 1988-ի Սումկայիթի ջարդերը յիշել տուին, որ մոխիրները տակաւին տաք են եւ երբեմնի ջարդարարները պատրաստ են կրկին վերսկսելու 1915-ի բարբարոսութիւնները: Բայց այս բոլորը հայերու մէջ չմարեցին թշնամիին հետ խաղաղութիւն հաստատելու յոյսերը: Հայոց յոյսերը ի դերեւ ելան, երբ Ստեփանակերտի վրայ սկսան տեղալ Թուրքիոյ կողմէ հայթայթուած ազերիներուն հռթիրները: Այս անգամ թուրքին հաշիւները ճիշդ չելան: Հայը յաղթանակող կողմն էր: Յոյսերը վերարծարծուեցան 2008-ին կլոր գնդակի շուրջ, ֆութպոլի մրցումին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Մոռցուած էր, որ յաղթական կը հռչակուէր հակառակորդին բերդէն ներս կոլ նշանակելով: Մինչեւ այն ատեն որ թուրքերը Հայաստանի շրջափակումը կը շարունակէին, Ապտիւլլա Կիւլը 1-0 յաղթանակ կ՛աձանագրէր միջազգային դիտորդներու համար: Ժընեւի մէջ փրոթոգոլային ստորագրութիւններուն միջազգային դիտորդները մրցումը յայտարարեցին` 1-1 հաւասար: Բայց համաձայնութիւնը սփիւռքի կողմէ մերժուեցաւ, նոյն ատեն թուրքերն ալ չգործադրեցին իրենց ստորագրած համաձայնագիրը, այնպէս որ, մրցումը վերջացաւ կրկին 1-1 հաւասար: Շրջափակումը կը շարունակուի, ազերի արձակազէնները կը շարունակեն իրենց փամփուշտները ղրկել Մարտունիի վրայ: Մինչեւ այն ատեն, որ ջահելները կը ճեմեն Երեւանի Աբովեան պողոտային վրայ եւ Շուշիի հանրային պարտէզներուն մէջ, խաղաղութիւնը հոն է` առանց պատրանքի, յիշելով միշտ լատինական առածը. «Եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզես, միշտ պատրաստ եղիր պատերազմի»:

Թ. Ծ.

Ժ. ԴԷՊԻ ԱՊԱԳԱՅ
Հայաստան` տաղանդներու երկիր

Ճատրակի խաղերուն Լեւոն Արոնեան աշխարհի երրորդ մեծագոյն ճատրակ խաղացողն է, կը քալէ Տիգրան Պետրոսեանի եւ Գասպարովի հետքերով: Երաժշտութեան մէջ երիտասարդ ճազ-երաժիշտ Տիգրան Համասեան շուտով կը հաւասարի աշխարհահռչակ ճազ-երաժիշտ  Թելիոնիուս Մոնքի, իսկ Սերգէյ Խաչատրեան կը մրցի Սթեռնի եւ Մենուինի հետ: Արագածի փէշերուն երիտասարդ աստղագէտներ Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ կը հետեւին իրենց նախորդին` միջազգային ճանաչում ունեցող մեծ գիտնական, աստղագէտ Վիքթոր Համբարձումեանի քայլերուն: Նոյնը կարելի է ըսել համակարգիչի աշխարհի համար, հոս ալ մեծ իրագործումներ կը կատարուին, համակարգիչի երիտասարդ ճարտարագէտներու «Թումօ» կեդրոնին մէջ: Հեռու քաղաքականութենէ` մտքի ու գիտութեան ծառայող հայ տղաքը կ՛աշխատին իրենց ապագային համար:

Հայաստանի մէջ, ուր ոչ մէկ բնական հարստութիւն կայ, հայ երիտասարդը կը վստահի իր ուժերուն եւ ուղեղին: Այս ձեւով է, որ հայեր կրցած են շինել Մեծամօրի հիւլէական կայանը, որ շատ աւելի լաւ պաշտպանուած է անակնկալ ցնցումներէ, քան` Ֆուքոշիմայի հիւլէական կայանները: Հայաստանի մէջ է, որ ոչինչէն հիմը դրուեցաւ 1996-ի երկրագործական դրամատան, որ ութ տարի յետոյ «Ֆայնէնշըլ Թայմզ»ի կողմէ պիտի հռչակուէր լաւագոյն կազմակերպուած դրամատուներէն մէկը, որուն հազարաւոր աշխատաւորներու միջին տարիքը չ՛անցնիր 30-ը: Վերջապէս, շնորհիւ հեռատես եւ ճարտար մարդոց, ունինք լաւ մարզուած 40,000-նոց բանակ մը, որ անտարբեր չի ձգեր դրացի երկիրները, որոնք կրկին թուաքանակով բանակներ ունին: Հայաստանը պիտի գոյատեւէ բոլոր անոնց համար, որոնք հաւատք ունին հայրենիքի հանդէպ:

Ր. Ծ.

Ֆրանսերէնէ թարգմանեց`
ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES