ՄՈՒՐԱՏ ՊԵԼԿԷԻ ՑՆՑԻՉ ՅՕԴՈՒԱԾԸ «ԹԱՐԱՖ»Ի ՄԷՋ ՍԱՐՔՈԶԻ, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ԵՒ ՆԻՀԱԼ ԱԹՍԸԶ

«Թարաֆ» թերթին մէջ յայտնի սիւնակագիր Մուրատ Պելկէ ցնցիչ յօդուած մը ունէր «Սարքոզի, հայկական նիւթը եւ Աթսըզ» խորագրին ներքեւ: Պելկէ, որ միշտ խիզախ յօդուածներ ստորագրած է հայկական հարցի կապակցութեամբ, այս յօդուածով եւս կը պախարակէր հայկական հարցի մէջ թուրք պետութեան բռնած սխալ ճամբան, բայց իր անողոք քննադատութիւնները կ՛ընէր երբեմնի աջակողմեան կծու եւ ազգայնապաշտ հրապարակագիր Նիհալ Աթսըզի դէմ` մէջբերումներ ընելով անոր մէկ գիրքէն:

Պելկէ նախ դիտել կու տար, որ ինք չէր հաւնած արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Սարքոզիի տրուած վերջին պատասխանը: Արտաքին նախարարութիւնը Սարքոզիին ըսած էր. «Նախ դուն հայելիին մէջ նայէ եւ յիշէ, թէ ինչեր ըրած ես որպէս գաղթատիրական երկիր»: Արտաքին նախարարութեան նմանօրինակ մէկ պնդումը օձիքը ազատելու միջոց չի կրնար ըլլալ: Որքան ալ պարտկել կամ լուսաւորեալ ցոյց տալ ուզէք, չէք կրնար ուրանալ, որ օսմանեան շրջանին թուրքերն ալ հարիւրաւոր տարիներու բռնագրաւում մը իրականացուցած են:

Պելկէ կը քննադատէ նաեւ ընդհանրապէս վարէն դէպի վեր եկած բողոքի ցոյցերը, որոնց մէջ իրենց դերակատրութիւնն ունին ՄՀՓ եւ ՊՏՓ կուսակցութիւններն ալ: Ի՞նչ ըսել կ՛ուզեն ասոնք: «Մենք` թուրքերս լաւ մարդիկ ենք, մենք կոտորած կամ ցեղասպանութիւն չենք գործեր, ըսուածները զրպարտութիւն են»: Ա՞յ ս էր, որ ըսել կ՛ուզեն: Ուրեմն անգամ մը կ՛արժէ տեսնել, թէ այս խնդրին մէջ Նիհալ Աթսըզ ի՛նչ գրեր է` քրտական հարցէն մեկնելով:

Եթէ քիւրտերը իրենց խելքը գլուխնին չհաւաքեն, եթէ շարունակեն խաղալիք դառնալ օտար ուժերու եւ եթէ շարունակեն վազել քրտական պետութիւն մը հիմնելու երազին ետեւէն, այն ատեն անոնց ճակատագիրը պիտի ըլլայ արմատէն բնաջնջուիլ երկրագունդի վրայէն: Թուրք ցեղը 1915-ին հայերը, 1922-ին ալ յոյները այս երկրէն ոչնչացնելով`ցոյց տուած է, թէ ինչե՜ր կրնայ ընել բոլոր անոնց, որոնք աչք կը տնկեն գետի նման արիւն հոսեցնելու գնով շահուած այս հողերուն (այս մէջբերումը կատարուած է 1992-ի հրատարակուած յօդուածէ մը, Պոլսոյ մէջ):

Մուրատ Պելկէ ապա կը յիշեցնէ, թէ Թուրքիոյ մէջ մեծ թիւով մարդիկ կան, որոնք կ՛ընդվզին, երբ մէկը կ՛ըսէ, որ մենք հայերը սպաննեցինք, այս պնդումին դէմ կ՛ելլեն, բայց միւս կողմէ անոնք միայն գովասանք ունին Նիհալ Աթսըզի նման գրողներու նկատմամբ: Մուրատ Պելկէ Աթսըզի նոյն գիրքէն ուրիշ շատ ծանր արտագրում մըն ալ կ՛ընէ:

Այսպէս. «Այո, եթէ քիւրտը  կը յամառի հոս մնալու համար, եթէ տակաւին կը պնդէ, որ պէտք է խօսի չորս-հինգ հազար բառերէ կազմուած իր տարօրինակ լեզուն կամ եթէ կ՛ուզէ քրտական պետութիւն մը հիմնել այս հողերուն վրայ, այն ատեն թող երթայ հոսկէ: Մենք այս հողերուն տիրացանք գետի նման արիւն հոսեցնելով, արմատախիլ ընելով վրացիները, հայերը, յոյները, դարձեալ գետի նման արիւն հոսեցնելով այս հողերը պաշտպանեցինք խաչակիրներու արշաւանքներուն դիմաց: Քիւրտերը մինչեւ 1839 զինուորական ծառայութիւն իսկ չըրին: Բայց նոյնիսկ եթէ հարիւրէն հարիւր մեծամասնութիւն դառնան, Թուրքիոյ որեւէ հողամասին վրայ պետութիւն մը հիմնելու իրենց երազը երազ մը ըլլալէ անդին պիտի չերթայ, ինչպէս` յոյներուն Բիւզանդիոնի երազը կամ հայերուն մեծ Հայաստան մը հիմնելու երազը: Այս պատճառով լաւ կ՛ըլլայ, որ անոնք հոսկէ երթան, հեռանան` նախքան Թուրքիոյ գլուխը դարձեալ փորձանքի մատնելը: Ո՞ւր կ՛երթան: Իրենց սիրտը ուր որ կ՛ուզէ, հոն երթան: Իրան երթան, Փաքիստան, Հնդկաստան, Պարզանիին երթան: ՄԱԿ-ին դիմելով` Ափրիկէի մէջ հողամաս մը ուզեն: Եթէ կ՛ուզեն  սորվիլ, իրենց հայ բարեկամներուն թող հարցնեն, որպէսզի իմանան, թէ թուրքը ինչպէս համբերատար է, բայց եթէ բարկանայ, Գաղանի առիւծ կը դառնայ»:

Պելկէ այս ծանր արտագրումները ընելէ ետք կը նշէ, որ այսպիսի գրութիւններ ու մտածումներ գիրքին մէջ առատօրէն կան: Այսինքն Նիհալ Աթսըզ բնաւ ալ չի մածեր պատահարները քողարկելու կամ ծածկելու մասին` գործածելով «բնաջնջել», «արմատախիլ ընել»ու նման բառեր, կամայ թէ ակամայ կը մտնէ «ցեղասպանութեան» ըմբռնումի բնագաւառէն ներս: Աթսըզի աչքին այսպիսի արարքներ թուրք ցեղին մեծութեան ու զօրութեան փաստերն են:

Պելկէ այսպէս կը շարունակէ. «Հիմա անոնք, որոնք բողոքի ցոյցեր կ՛ընեն, լուր չունի՞ն Աթսըզին գրածներէն: Իսկապէս կը հաւատա՞ն, որ զրպարտութիւն է թուրքերը ամբաստանել ցեղասպանութեան յանցանքով: Անոնցմէ ոմանք թերեւս իսկապէս չեն գիտեր, բայց կը մտածեմ, որ մեծամասնութիւն մը կայ, որ ամէն ինչ գիտէ ու գիտնալո՛վ է, որ կը մասնակցի այդ բողոքի ցոյցերուն: Անոնք ալ իրենց վարպետին` Աթսըզին նման իրենց ներսէն կ՛ըսեն. «Ըրինք, բայց նորէն կ՛ընենք»: Եթէ անոնք հիմա կը բարկանան, կը բարկանան ո՛չ թէ այն պատճառով, որ իրենք սպանդ չենք գործած, այլ կը բարկանան անոր համար, որ մարդիկ չեն հաւնիր իրենց կատարած այս աղուոր կոտորածը:

Պելկէ յօդուածը կ՛եզրակացնէ` ըսելով, որ այլեւս ժամանակը եկած է, որ այս խնդրին մէջ թուրք պետութիւնը ցուցաբերէ քիչ մը առաձգականութիւն:

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Share this Article
CATEGORIES