ԻՐԱՆ Կ՛ՈՒԶԷ ՔԱՆԻ ՄԸ ՏԱՍՆԵԱԿ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԱՅԱՆՆԵՐ ԿԱՌՈՒՑԵԼ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ ռուսական «Գոլոս Ռոսիի» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ իր երկիրը կ՛ուզէ քանի մը տասնեակ հիւլէական կայաններ կառուցել:
«Իրան կ՛ուզէ կառուցել հիւլէական նոր կայաններ: Խորհրդարանին կողմէ որոշում տրուած է այն մասին, որ Իրանի մէջ պէտք է կառուցուին քանի մը տասնեակ հիւլէական կայաններ` քսան հազար մեկաուաթ ընդհանուր հզօրութեամբ», ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` աւելցնելով, որ «Իրան միայն ուրախ պիտի ըլլայ, եթէ որեւէ պետութիւն հիւլէական կայաններու կառուցման վերաբերեալ փոխադարձաբար ընդունելի պայմաններով համաձայնագիր մը ստորագրէ իրանեան կողմին հետ»:
Նշենք, որ անցեալ ամիս շահագործման յանձնուած էր Իրանի մէջ իր տեսակին մէջ առաջինը եղող Պուշեհրի հիւլէական կայանը:


