ԸՍՏ «ՎԱԹԱՆ»Ի ԹՈՒՐՔԻԱ – ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՆԵԼՈՒ ԳԱՂՏՆԻ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ
Ըստ թրքական «Վաթան» օրաթերթին, Շուէտ, Բրիտանիա, Ֆինլանտա, Սպանիա եւ Իտալիա մշակած են գաղտնի ծրագիր մը, որուն ճամբով կը պատրաստուին վերակենդանացնելու փակուղիի մատնուած Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն բանակցային հոլովոյթը:
Ըստ օրաթերթին, այդ ծրագիրը կազմուած է երեք կէտերէ. 1) Շուէտ, Բրիտանիա, Ֆինլանտա, Սպանիա եւ Իտալիա կարելի բոլոր ջանքերը պիտի գործադրեն Թուրքիոյ հետ բանակցային հոլովոյթին մէջ նոր գլուխ բանալու համար: Ասիկա դիտուած է իբրեւ առաջին դրական քայլ: 2) Նախքան Կիպրոսի Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը ստանձնելը, պէտք է կարելի բոլոր ջանքերը գործադրուին` վեց ամսուան ընթացքին լուծելու համար կիպրական հիմնախնդիրը: Այլապէս, խնդիրի անլուծելիութիւնը պիտի բարդեն կիպրացիներուն վրայ: 3) Թուրքիան հանգստացնելու համար Անգարայի պիտի յղուի այն ուղերձը, որ կ՛ակնկալուի, թէ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան կտրուկ կերպով ընդդիմացող Նիքոլա Սարքոզի պարտուի 2012-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն եւ հեռանայ: Այդպիսով, պիտի վերցուին Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ճամբուն վրայ գոյութիւն ունեցող շարք մը խոչընդոտներ:

