ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ՄԵՏՎԵՏԵՒԷՆ ԽՆԴՐԱԾ Է ՕԳՆԵԼ ՃԳՆԱԺԱՄԻՆ ԴԷՄ ԻՐ ՊԱՅՔԱՐԻՆ
Ռուսական «Լենթա.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի ելեւմուտքի նախարար Էւանկելոս Պենիզելոս յայտարարած է, որ «Յունաստանը Դրամական միջազգային ֆոնտին մէջ Ռուսիոյ, ինչպէս նաեւ Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Պրազիլի օգնութիւնը կ՛ակնկալէ»` աւելցնելով, որ Յունաստան նաեւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը կ՛ակնկալէ:
Ըստ կայքէջին, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, Հնդկաստան եւ Պրազիլ կը նկատուին Դրամական միջազգային ֆոնտի մեծ ֆինանսաւորողները եւ անոնց աջակցութենէն կախեալ է Յունաստանի աջակցութեան ծրագիրին մէջ հիմնադրամի հետագայ մասնակցութիւնը:
Պենիզելոս աւելցուցած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Յունաստան պիտի այցելէ:
Յունաստան 2010-ին պետական հսկայական պարտքի պատճառով իր պարտքերը վճարելու անկարողութեան եզրին յայտնուած էր, որմէ ետք Դրամական միջազգային ֆոնտը Եւրոպական Միութեան իշխանութիւններուն հետ միատեղ 110 միլիառ եւրոյի հակաճգնաժամային վարկ յատկացուցած էր Յունաստանին: Սակայն 2011-ին յստակ դարձաւ, որ այդ միջոցները բաւարար չեն տնտեսական ծանր իրադրութիւնը յաղթահարելու: Այս տարուան յուլիսին, Դրամական միջազգային ֆոնտը, Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրոպական կեդրոնական դրամատունը հաւանութիւն տուին Յունաստանի օգնութեան 109 միլիառ եւրոյի արժողութեամբ երկրորդ ծրարի յատկացման:


