ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԻՐԱՆԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՇԱՔՈՒՐԻՆ ԱՐՏԱՅԱՆՁՆԵԼ ԿԱՄ ԴԱՏԵԼ
Ամերիկեան վարչակազմը յայտարարեց, որ Իրան Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին դէմ մահափորձի ծրագիրին համար ամբաստանուած, Յեղափոխական պահակագունդի անդամ Ղուլամ Շաքուրին պէտք է արտայանձնէ կամ Իրանի մէջ դատէ: Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի պատրաստակամութիւն յայտնած էր Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին դէմ մահափորձի ամբաստանութիւնը քննարկելու:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ հարցով ձերբակալուած երկրորդ կասկածելի Արպապ Սիարիի հիւպատոսական այցելութիւն կազմակերպելու Իրանի պահանջին ընդառաջելու:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր բացայայտեց, որ անցեալ շաբաթ այս հարցով Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դէմ առ դէմ հանդիպում մը տեղի ունեցած է, սակայն նաեւ ընդգծեց, որ այդ հանդիպումը «շատ դրական արդիւնք չտուաւ»:
Միւս կողմէ, ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը իր երէկուան թիւին մէջ գրեց, որ Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը ահաբեկելու ծրագիրը «բացարձակապէս» իրական չի թուիր:

