ՀԱՄԱՍ – ԻՍՐԱՅԷԼ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄԸ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆՑ ԱՌԻԹ ԸՆԾԱՅԵՑ

Ազատ արձակուած գերիներու դիմաւորում` Կազայի մէջ

Համաս-Իսրայէլ գերիներու փոխանակումը երէկ յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Համասի կողմէ գերեվարուած իսրայէլացի զինուոր Կիլատ Շալիթ հասաւ իսրայէլեան օդուժի Թելնուֆ կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ իր հօր, ընտանիքին եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ: Շալիթ Կազայէն փոխադրուեցաւ Եգիպտոս, ուր եգիպտական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «շատ պիտի ուրախանամ, եթէ ապագային պաղեստինցի բոլոր գերիները ազատ արձակուին», եւ յոյս յայտնեց, որ գերիներու փոխանակումը երկու ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան հաստատման առաջնորդէ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Շալիթը դիմաւորելէ ետք յայտարարեց, որ «ասիկա խանդավառ պահ մըն է, սակայն նաեւ դժուար պահ մը, որովհետեւ Իսրայէլի վճարած գինը շատ ծանր ու սուղ էր»` աւելցնելով, որ «կ՛ուզեմ վստահեցնել, որ ահաբեկչութեան դէմ մեր պայքարը պիտի շարունակենք»: Ան նշեց, որ «իսրայէլացի զինուոր Կիլատ Շալիթը ազատ արձակելու խոստումը կատարեցի»:

Միւս կողմէ, ազատ արձակուած պաղեստինցի գերիները Ռամալլայի մէջ դիմաւորուեցան Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի կողմէ, իսկ Կազայի մէջ` Համասի կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէի եւ Համասի բարձրաստիճան ղեկավարներուն կողմէ: Բազմահազար պաղեստինցիներ այս առիթով տօնախմբութիւն կատարեցին: Ապպաս գերիներու դիմաւորման հանդիսութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ նշեց, որ «գերիներու հարցը բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթ հարցերէն մէկը պէտք է ըլլայ»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ գերիներու փոխանակումը «դրական մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան անելի մատնուած հոլովոյթին վրայ»:

Բրիտանիոյ կառավարութիւնը Իսրայէլին կոչ ուղղեց այս խանդավառութիւնն ու մղումը օգտագործելու` խաղաղութեան հոլովոյթը յառաջ մղելու համար: Գերմանիա, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ իրենց կարգին ողջունեցին գերիներու փոխանակումը:

Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ ազատ արձակուածներուն շարքին են անձեր, որոնք պիտի աքսորուին Թուրքիա, Քաթար եւ Սուրիա, որոնք համամիտ գտնուած են զիրենք ընդունելու:

Թրքական արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը երէկ «Պի.Պի.Սի.»ին յայտնեց, որ Թուրքիա «այս գիշեր պաղեստինցի ազատ արձակուած շարք մը գերիներ պիտի հիւրընկալէ»: Համաս այդ գերիները հիւրընկալելու խնդրանքով պաշտօնական դիմում ներկայացուցած էր Անգարայի: Թուրքիա աքսորուելիք 40 պաղեստինցիներէն 10-ն պիտի հիւրընկալէ, Սուրիա` 16-ը, Եգիպտոս պիտի հիւրընկալէ Ամինա Մունան, որ առողջապահական պատճառներով մերժած էր Կազա մեկնիլ:

1027 պաղեստինցի գերիներուն ազատ արձակուելէն ետք շուրջ վեց հազար պաղեստինցիներ, որոնց շարքին` քրիստոնեայ մը, պիտի շարունակեն արգելափակուած մնալ իսրայէլեան բանտերուն մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES