ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ, ԱՆՈՐ ՄԻԱՆԱԼՈՒ ՈՒ ԱՊԱՒԻՆԵԼՈՒ ՊԱՏԳԱՄ ՓՈԽԱՆՑՈՂ ՀԱՒԱՔՆԵՐ

Կազմակերպութեամբ «Լուսաւորչի կանթեղ» ընկերակցութեան, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, երէկ` երեքշաբթի, 18 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մէջ ընթացք առաւ երեք օրերու վրայ երկարող եւ աղօթքով ու քարոզներու ճամբով Աստուծոյ վերադառնալու, անոր միանալու ու ապաւինելու պատգամ փոխանցող ծրագիրը:

Այս հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց եւ ներկաները ողջունեց «Լուսաւորչի կանթեղ» ընկերակցութեան հիմնական պատասխանատու Նիկոլ Սալխանեան, որ ծանօթացուց այս հաւաքներուն մասնակցելու եւ իրենց խօսքը փոխանցելու համար յատուկ հրաւիրուած դոկտ. Գնէլ Դուրեանն ու Արամ Ա. քհնյ. Ստեփանեանը` անդրադառնալով իւրաքանչիւրին տարած աշխատանքին` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Ան աւելցուց, որ օրուան աղօթքի պահերը պիտի առաջնորդէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութենէն Տրդատ քհնյ. Ուզունեան: Ն. Սալխանեան մատնանշեց, որ հաւաքին կը մասնակցին տարբեր յարանուանութիւններու պատկանող անհատներ, որոնք բոլորն ալ իրարու կը միանան դէպի Աստուած ուղղուելու հասարակաց գիծով, նաեւ` իբրեւ հայ եւ քրիստոնեայ իրենց ունեցած ինքնութեամբ:

Ապա «Լուսաւորչի կանթեղ» ընկերակցութեան նուագախումբին մասնակցութեամբ ու Տրդատ քհնյ. Ուզունեանի գլխաւորութեամբ ներկաները աղօթեցին:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. քհնյ. Ստեփանեան` իբրեւ բնաբան ունենալով Աստուածաշունչին կարեւորութիւնը` մարդը իր անցեալին, պապերուն, սուրբերուն եւ միեւնոյն ատեն Աստուծոյ կամրջելու առումով: Ան հաստատեց, որ Աստուածաշունչի ընթերցումը պէտք է բոլորին առօրեային մաս կազմէ, անիկա պէտք է դառնայ կեանքի քարտէս, ուղեցոյց, որպէսզի կեանքը իմաստ ունենայ:

Արամ Ա. քհնյ. Ստեփանեան անդրադարձաւ հայոց պատմութեան ընթացքին Աստուծոյ խօսքի փոխանցման հանգրուաններուն` սկսելով Գրիգոր Լուսաւորիչէն, որ Խոր Վիրապի մէջ գոյատեւեց եւ զայն դրախտի վերածեց, որովհետեւ Աստուածաշունչով ապրեցաւ ու առաջնորդուեցաւ: Պատգամաբերը դիտել տուաւ, որ Աստուծոյ խօսքին արժէք չտուող ազգը կամ անձը կը գահավիժի եւ կը կորսուի: Ան աւելցուց, որ հայութեան կեանքին մէջ Լուսաւորչի կանթեղը թէեւ սկսած է տկարանալ, սակայն կը պլպլայ, ուստի իւրաքանչիւրին ուսերուն դրուած պարտք է լուսաւորիչի դերակատարութեամբ ապրիլ իր կեանքը եւ այդպէս գործել:

Աւարտին կրկին ներկաները աղօթեցին:

Նշենք, որ այսօր եւ վաղը եւս նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենան նոյնանման հաւաքներ: Այսօրուան պատգամաբերն է դոկտ. Գնէլ Դուրեան, որ պիտի խօսի անջրպետին եւ Աստուծոյ մասին, իսկ հինգշաբթի օր Արամ Ա. քհնյ. Ստեփանեան Որդիին վերադարձին մասին պատգամով հանդէս պիտի գայ:

Share this Article
CATEGORIES