ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի տեղեակ պահուած է, թէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յստակ եւ վճռորոշ կեցուածք որդեգրած է Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը մերժելու առնչութեամբ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան յարաբերութիւնը սովորական է: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման մէջ չէ իրենց հարցը, այլ` այդ ատեանին հակասահմանադրական ըլլալուն մէջ:
ՄԵՍՈՒՏ Աշքար կոչ ուղղեց արագացնելու լիբանանեան բանակի զինման հոլովոյթը: Աշքար մերժեց յաւելուած արժէքի տուրքին եւ վառելանիւթին, յատկապէս` պենզինին վրայ պարտադրուելիք տուրքերը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Հըզպալլա դարձած է իրանեան բանակ մը, որ այլեւս չի մտածեր Իսրայէլին դիմադրելու մասին:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ գործադուլը աշխարհին վերջը չի նշանակեր, եթէ ան կառավարութիւնը մղէ աւելի հաւասարակշռուած որոշումներ տալու: Ան նկատել տուաւ, որ ինք կը մերժէ գերիշխանութեան այն դասերը, որոնք կը տրուին Լիբանանի մէջ սուրիական ուժերուն ներկայութեան հանգրուանին ստրկացումի քաղաքականութիւն վարած ուժերուն կողմէ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով եւրոպական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նախագահած կառավարութեան կեանքը կապուած է Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումին:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ արաբ ազգը պէտք է գիտակցի իր շահերուն եւ պէտք է վերջ տայ ինքն իրեն դէմ իր գործած դաւադրութիւններուն:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի հասաւ Փարիզ, ուր պիտի կատարէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ` քննարկելու համար Լիբանանին վերաբերող շարք մը հարցեր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը չապահովելով Լիբանան պիտի ենթարկուի լուսանցքայնացումի եւ Լիբանանի դէմ պիտի որդեգրուին միջազգային պատժամիջոցներ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան գործելաոճը նախորդ կազմերէն շատ տարբեր չէ, որովհետեւ նիւթական մսխումը տակաւին կը շարունակուի:
ՊԵՏԱԿԱՆ շուրայի խորհուրդի նախկին նախագահ Եուսեֆ Սաատալլա Խուրի յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է յանձնառու մնայ Միջազգային դատական ատեանին, ապա թէ ոչ ան դէմ յանդիման պիտի գտնուի միջազգային միջոցառումներու:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները` աւելցնելով, որ Հըզպալլա պիտի չծածկէ Պաալպեքի մէջ ապօրինութիւն գործող կողմերը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւերով թռիչքներ գործած է Պընթ Ժպէյլի վերեւ` խախտելով Լիբանանի դէմ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը, ինչպէս նաեւ ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հիմնումին վերաբերող սխալները սրբագրել եւ ապա անցնիլ անոր ֆինանսաւորումը քննարկելու հանգրուանին:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Սուրիա իր ժողովուրդին գիտակցութեան շնորհիւ շատ աւելի հզօր դուրս պիտի գայ իր դիմագրաւած տագնապէն:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ 2012-ի պետական պիւտճէի ծրագիրին քննարկումը յետաձգելու միտումներ կան` աւելցնելով, որ անոնց հիմնական պատճառը Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումն է:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ պատերազմի յայտարարութիւնը կը նշանակէ Իսրայէլի դէմ պատերազմի սանձազերծում:
ՆԵՐՔԻՆ Ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերուն տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւններուն վերաբերող հարցեր:

