ՇԱՐՊԵԼ ՆԱՀՀԱՍ. «ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԷՐ, ՔԱՆ` ՀԱՄԱԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ»
Աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նախանցեալ օր տնտեսական խորհուրդներուն հետ ունեցած իր հանդիպումին արդիւնքները շատ աւելի դրական եղած են, քան` Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Նահհաս նշեց, որ տնտեսական խորհուրդները ներկայացուցած են նոր պահանջներ` սկզբունքային մերժում յայտնելով կառավարութեան տուած որոշումին նկատմամբ, «իսկ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը պահանջած է սրբագրել այդ որոշումը, որուն հրապարակման հիմնական աղբիւրը կը կազմէ ինք», աւելցուց աշխատանքի նախարարը:
Ըստ «Սաֆիր»ի, տնտեսական խորհուրդները նախարար Նահհասէն պահանջած են իրենց մերժողական կեցուածքը ներկայացնել կառավարութեան` կոչ ուղղելով վերսկսելու խորհրդակցութիւններուն: Նահհաս իր կարգին խոստացած է այդ կեցուածքն ու առաջարկը ներկայացնել կառավարութեան:
Միւս կողմէ, տնտեսական խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսար «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընդմէջէն կոչ ուղղեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան վերադառնալու երկխօսութեան` նկատի ունենալով, որ երկու կողմերն ալ դժգոհ են աշխատավարձերու յաւելումին գծով կառավարութեան տուած որոշումէն:

