ՀԱԶԻՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔ. «ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՄԻԱՅՆ ԻՐ ՇԱՀԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ»
Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքը «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները շատ յստակ են: Ան նշեց, որ իրենք իսլամ, քրիստոնեայ, ալեւի թէ տիւրզի համայնքներու զաւակներուն միջեւ խտրութիւն չեն դներ եւ կը փափաքին արժանապատուութեամբ ապրիլ, ինչպէս եղած է պարագան հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր:
Հազիմ պատրիարքը հաստատեց, որ քրիստոնեայ համայնքը փոփոխութիւններէ չի վախնար` մերժելով այն վերագրումները, թէ քրիստոնեայ համայնքը բռնատիրութիւններուն կը զօրակցի:
«Մենք` իբրեւ քրիստոնեաներ, կը զօրակցինք իբրեւ ազատ եւ հաւասար իրաւունքներ ու պարտաւորութիւններ ունեցող քաղաքացիներ ապրելու սկզբունքներուն: Կոչ կ՛ուղղենք կառչած մնալու պատմական այն իրականութեան, թէ Արեւելքի մէջ մենք ենք բնիկները եւ ուրիշներ հիւրեր են մեր մօտ», ըսաւ Հազիմ պատրիարքը:
Ան շեշտեց, որ «Արեւմուտքը միայն իր շահերուն մասին կը մտածէ, իսկ մենք մեր երկրին մէջ մեծամասնութիւններուն եւ փոքրամասնութիւններուն միջեւ առանց խտրութեան կ՛ապրինք»:

