ՍԵԼԻՄ ՀԸՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ
Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ ինք կը փափաքի բոլորին մտավախութիւնները փարատել` շեշտելով, որ Սուրիա կը շարունակէ ընդդիմութեան հետ իր երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ կը գործադրէ ներքին բարեկարգումներ:
Ալի ընդգծեց, որ սուրիացի քաղաքացիները գիտակից են իրենց շրջաններուն մէջ արձանագրուող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ դէմ նիւթուած դաւերուն: «Սուրիոյ ընդդիմութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ դուրս գալու համար երկիրը հարուածող համաշխարհային դաւադրութենէն», ըսաւ ան:
Ալի դիտել տուաւ նաեւ, որ Դամասկոս յանձնառու է Լիբանանի հետ եղբայրական իր յարաբերութիւնները պահպանելու առումով:


