ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ՈՉ ՈՔ ԿՐՆԱՅ ՍՏԻՊԵԼ ՄԵԶԻ` ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐԵԼՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԸ»

Զօր. Աուն եւ Քարամէ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն  երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:

Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը մեծ հարցեր պիտի չստեղծէ, որովհետեւ զայն ֆինանսաւորելու պատրաստ անձնաւորութիւններ գոյութիւն ունին:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ ստիպել իրենց` ֆինանսաւորելու Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Լիբանանի մէջ իւրաքանչիւր լիբանանեան ոսկի իր արժէքը ունի եւ կարելի չէ այդ գումարները օդին մէջ ցանել:

Պատասխանելով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կատարած այն յայտարարութեան, թէ Միջազգային դատական ատեանը չֆինանսաւորելու պարագային Լիբանան ծառայած կ՛ըլլայ Իսրայէլի, զօր. Աուն ըսաւ. «Լիբանան ամբողջովին զգեստաւորուած է, իսկ անոր գերիշխանութենէն զիջողն է, որ զայն կը մերկացնէ»:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց ֆրանսացի մտաւորականներու եւ լրագրողներու պատուիրակութիւն մը, որոնց ներկայութեան ըսաւ. «Ճիշդ է, որ անցնող տասնամեակներուն իրենք հարցեր ունեցած են կրօններու միջեւ, սակայն Սուրիոյ մէջ տարբեր կրօններուն միջեւ գոյակցութիւն եւ համերաշխութիւն կը տիրէ, եւ մենք կը զօրակցինք այդ բազմազանութեան եւ կրօնի ազատութեան սկզբունքին»:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ այսօր բոլոր ժողովուրդները կը փափաքին միջամուխ դառնալ Սուրիոյ ներքին հարցերուն` աւելցնելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ խոստացած է երկրին մէջ քաղաքական բարեկարգումներ գործադրել:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը յայտնեց, որ ժողովրդավարութիւնը կաթիլ առ կաթիլ պէտք է կիրարկել:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը հետզհետէ կը բարելաւուի` ընդգծելով միաժամանակ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը տապալելու պարագային ծայրայեղ վարչակարգ մը պիտի փոխարինէ անոր:

Զօր. Աուն կտրականապէս մերժեց Միջին Արեւելքը համայնքային փոքր պետութիւններու վերածելու միտումը` նկատել տալով, որ իր կարծիքով, այդ ծրագիրը պիտի չարտօնուի: Ան շեշտեց, որ շրջանին մէջ կայունութիւնը հաստատուած է մեկնելով պատմութեան ընթացքին արձանագրուած փորձառութիւններէն` աւելցնելով, որ բազմազանութեան պահպանումով միայն կարելի է քաղաքակրթութիւնները պահել եւ յաւելեալ բարգաւաճում արձանագրել:

ՆՇԵՆՔ, որ երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին զօր. Աուն ընդունեց նախկին վարչապետ Օմար Քարամէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ:

 

Share this Article
CATEGORIES