«ՇՐՋԱՆԻՆ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ՄԻՔԱԹԻ

Միջին Արեւելքի գործատէրերու խորհրդաժողովին բացման պահուն

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հովանաւորեց Միջին Արեւելքի գործատէրերու համադաշնակցութեան խորհրդաժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, Դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ, Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ, Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի նախագահ Ռոժէ Նըսնաս, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ եւ շարք մը տնտեսագէտներ:

Խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան վերահաստատած է շրջանային եւ համաշխարհային առումով իր առաջնահերթ դերակատարութիւնը: Ան աւելցուց, որ Լիբանան մնայուն կերպով իր յարաբերութիւնները լաւ կը պահէ շրջանի երկիրներուն եւ միջազգային ընտանիքին հետ, որուն նաեւ մաս կը կազմէ ինք:

«Լիբանան կարողութիւնը ունի վերածուելու այնպիսի կամուրջի մը, որ ապագայ փնտռող անորոշ Արեւելքը կրնայ կապել մտահոգ Արեւմուտքին», ըսաւ Միքաթի:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ կը մնայ այն երկիրը, ուր համախոհութիւնը կը տապալէ տարակարծութիւնները: Ան աւելցուց նաեւ, որ անկախութենէն ի վեր Լիբանանի մէջ կը տիրէ ժողովրդավարական վարչակարգը:

Նշենք, որ վարչապետարանի այցելուներէն եղան երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպ եւ Իպրահիմ Քանաան:

 

Share this Article
CATEGORIES