ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ. «ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԷՏՔ Է ԴԱՍԵՐ ՔԱՂԷ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԷՆ»
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յայտնեց, որ Իսրայէլ պէտք է դասեր քաղէ գերիներու փոխանակման առաջին հանգրուանէն: Ան նշեց, որ Իսրայէլ պէտք է անդրադառնայ, թէ պատերազմի եւ բռնարարքներու քաղաքականութեան գործադրութիւնը եւ խաղաղութենէն խուսափիլը անօգուտ է եւ առիթ չի տար շրջանին ապահով եւ կայուն ապրելու:
Նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց ազատ արձակուող պաղեստինցի բոլոր արգելափակեալները եւ մաղթեց, որ Իսրայէլ ազատ արձակէ բոլոր պաղեստինցի գերիները:
Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց Իսրայէլի` մատրիտեան սկզբունքներուն եւ Պէյրութէն հրապարակուած Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան հիման վրայ վերսկսելու խաղաղութեան բանակցութիւններուն:
Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է վերջ տալ բնակեցման վայրերու կառուցման` հասնելու համար արդար, մնայուն եւ ամբողջական խաղաղութեան:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց նախկին նախարար Աբրահամ Տէտէեանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, որ նախագահը տեղեակ պահեց Գահիրէի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին մանրամասնութիւններէն:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի եւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյման:


