ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱՒ ՔՆՆԱՐԿԵԼ 2012-Ի ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԻՒՏՃԷԻ ՆԱԽԱԳԻԾԸ

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան նորագոյն զարգացումները:

Կառավարութիւնը քննարկեց 90 կէտերէ բաղկացող օրակարգ մը, որուն ծիրին մէջ նաեւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի պատրաստած 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը, որ նիստին ընթացքին ներկայացուեցաւ Սաֆատիի իսկ կողմէ:

Կառավարութիւնը որոշեց, որ նախարարները պետական պիւտճէի նախագիծին մասին իրենց առաջարկները ներկայացնել մէկ շաբթուան ընթացքին. բոլոր տեսակէտները կառավարութեան փոխանցելէ ետք պիտի կազմուին յանձնախումբեր, որոնք պիտի քննարկեն այդ դիտողութիւնները:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման նշած է, որ կառավարութիւնը 100 օրուան կեանք ունի արդէն` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է այդ առիթով նկատի ունենալ կառավարութեան իրագործած նուաճումները, ինչպէս` երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ աղքատ ընտանիքներու օժանդակութեան ծրագիրի սկիզբը:

Տաուք ըսաւ նաեւ, որ նախագահ Սլէյման կոչ ուղղած է համապարփակ կերպով քննարկելու 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը:

Տաուք յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի իր կարգին նկատել տուած է, որ կառավարութիւնը 100 օրուան իր ծառայութեան ժամանակաշրջանին տուած է աւելի քան 1400 որոշում, որոնք կը դիւրացնեն լիբանանցի քաղաքացիներուն կեանքը: «Միքաթի յայտնեց նաեւ, որ պէտք է պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները զարգացնել», ըսաւ Տաուք:

Տաուք նկատել տուաւ, որ կարգ մը նախարարներ վերապահութիւն յայտնեցին պետական պիւտճէի նախագիծին առնչութեամբ, յատկապէս յաւելուած արժէքի տուրքի եւ վառելանիւթի յաւելման գծով:

Ան աւելցուց նաեւ, որ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման ծրագիրը նաեւ ներառուած է պետական պիւտճէի նախագիծին մէջ, եւ իւրաքանչիւր նախարար այդ մասին իր կեցուածքը պիտի արտայայտէ:

Share this Article
CATEGORIES