ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԸ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԻ ՂԵԿԱՎԱՐ

Վիգէն Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի 17 հոկտեմբերի հրամանագիրներով Վիգէն  Սարգսեան ազատ կացուցուեցաւ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալի պաշտօնէն եւ նշանակուեցաւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար:

Նախագահի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն, նախագահ Սարգսեան 17 հոկտեմբերին հրաւիրած խորհրդակցութեան ժամանակ աշխատակազմին ներկայացուց նոր ղեկավարը եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն` վստահութիւն յայտնելով, որ Վիգէն Սարգսեան պիտի յաջողի իրականացնել իր առջեւ դրուած խնդիրները եւ առաւելագոյնս արդիւնաւէտ կերպով կազմակերպել աշխատակազմի գործունէութիւնը:

9 սեպտեմբերին նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնէն Կարէն Կարապետեանի հրաժարականէն ետք Վիգէն Սարգսեան կը կատարէր աշխատակազմի ղեկավարի պարտականութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES