ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը երէկ երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Ս. Փեթերսպուրկ` մասնակցելու Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին եւ Եւրասիական տնտեսական ընկերակցութեան միջպետական խորհուրդի 31-րդ նիստին` կառավարութիւններու ղեկավարներու մակարդակով:
Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ այցելութեան ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի երկկողմանի հանդիպումը:
Հայաստանի վարչապետը նաեւ դասախօսութիւն մը պիտի տայ Ս. Փեթերսպուրկի տնտեսագիտութեան եւ ելեւմուտքի պետական համալսարանին մէջ:
Կառավարական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն տնտեսութեան նախարար Տիգրան Դաւթեան, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

