ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻ` ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՀՍԿՄԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ՕԳՆԱԿԱՆԸ

Կոթեմիոլըր եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի  նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի` սպառազինութիւններու վերահսկման, հաւաստագրման եւ համապատասխանութեան հարցերով  օգնական Ռոզ Կոթեմիոլըրը:

Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան կը շարունակէ Եւրոպայի մէջ սովորական զինեալ ուժերու համաձայնագիրը դիտարկել իբրեւ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հիմնասիւներէն մէկը եւ հաւատարիմ է համաձայնագիրի նպատակներուն եւ ոգիին:

Ըստ նախագահին, Հայաստան  պիտի շարունակէ լիարժէքօրէն իրականացնել համաձայնագիրով ստանձնած պարտաւորութիւնները` կարեւոր նկատելով Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ սպառազինութիւններու վերահսկման մարզին մէջ յիշեալ փաստաթուղթով սահմանուած պարտաւորութիւններու կատարումը, որուն խախտումը արդէն իսկ լուրջ վտանգ դարձած է ամբողջ շրջանին համար:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՎՐԱՍՏԱՆ

Ըստ «Նովոսթի Կրուզիա» լրատուական գործակալութեան, Վրաստանի նախագահի մամլոյ բանբեր Մանանայ Մանճղալածէ երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եռօրեայ այցելութեամբ  Վրաստան պիտի մեկնի նոյեմբերի առաջին օրերուն:

Աւելի կանուխ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը յայտնած էր, որ Սերժ Սարգսեանի  յառաջիկայ այցելութիւնը ծրագրուած բնոյթ կը կրէ:

 

Share this Article
CATEGORIES