ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՄՕՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՐՑ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ Է
Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մօր` Թենզիլէ Էրտողանի մահուան պատճառով հայկական եկեղեցւոյ մը մէջ հարց ստեղծուած է:
Էրտողանի մօր մահուան առնչութեամբ Թուրքիոյ մէջ շարք մը կազմակերպութիւններ եւ անհատներ թերթերու մէջ ցաւակցական ուղերձներ եւ մահագրութիւններ հրապարակած են: Նոյն բանը կատարած է նաեւ Սկիւտարի Ս. Խաչ հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար խորհուրդը, որ մահագրութիւն հրապարակելէ առաջ չէ խորհրդակցած Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի հետ: Այդ քայլը բարկացուցած է Աթեշեան սրբազանը, որ անմիջապէս կարգալոյծ ըրած է Կորիւն քահանայ Ֆեներճեանը:
Թրքական օրաթերթը կը հաղորդէ նաեւ, որ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին Աթեշեան սրբազանի տուած որոշումին պատճառով մնացած է առանց հոգեւոր հովիւի, եւ այնտեղ առայժմ կարելի չէ կիրակնօրեայ պատարագ կամ հոգեհանգիստ կազմակերպել:

