ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՊԵՐԵԶՈՎՍՔԻ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքէջը երէկ` երեքշաբթի, 18 հոկտեմբերին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Ալեքսանտր Պերեզովսքի միաձայնութեամբ վերընտրուեցաւ Հայաստանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ: Նշենք, որ ան անցեալին եղած է նախկին Խորհրդային Միութեան մարզաշխարհի վարպետ: Ան նաեւ ոստիկանութեան գնդապետ է այժմ:

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ֆետերասիոնի այս հաշուետու-ընտրական համագումարին ընթացքին ներկաները գովասանքով արտայայտուեցան Մհեր Մկրտչեանի մասին, որ 21 տարուան ընդմիջումէ ետք աշխարհի հեծելարշաւի փոխախոյեանի տիտղոսը պարգեւեց Հայաստանին:

Խօսուեցաւ նաեւ տնտեսական պատճառով միջազգային բազմաթիւ մրցաշարքերէ Հայաստանի բացակայութեան մասին, որուն իբրեւ հետեւանք մեծապէս կը տուժէ այս մարզաձեւը:

 

Share this Article
CATEGORIES