ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՐԱԹՈՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՂ ՄԱԿ-Ի ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ 2011-Ի ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՐԱԹՈՆԻՆ
Պէյրութի Միջազգային մարաթոնի յանձնախումբին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախագահ Մայ Խալիլի, այցելեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի փոխանորդ Ռիմա Խալաֆի` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջանին մէջ գտնուող անոր կեդրոնատեղիին մէջ:
Մայ Խալիլ շնորհաւորելէ ետք Խալաֆը այս նոր պաշտօնի ստանձնումին առիթով յոյս յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի մասնակցողներուն թիւը ըլլայ շատ` Պէյրութի 2011-ի Միջազգային մարաթոնին:
Խալաֆ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք այս այցելութեան համար խոստացաւ իր ամէն կարելին ընել, որպէսզի ինք եւ ՄԱԿ-ի բազմաթիւ անդամներ վազեն այս մարաթոնին:
CATEGORIES Մարզական

