ՖՈՐՄԻՒԼԱ-3. ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՎԱՐՈՐԴ ՆՈԵԼ ՇԱՄՄԱՍ ՏԻՐԱՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ «ՕՓԸՆ» ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ
Ֆորմիւլա-3-ի Եւրոպայի «Օփըն» ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող լիբանանցի վարորդ Նոել Շամմաս, նախորդ շաբաթավերջին կարեւոր իրագործում մը կատարեց, երբ տիրացաւ սպանական Խերես վազքուղիին վրայ տեղի ունեցած 2-րդ հանգրուանի մրցումին:
Ան իր ինքնաշարժին` Տալարա-Էֆ. 308-ի հետ արձանագրեց 27′ 08″ 797 արդիւնք մը, 2″ 673 առաւելութեամբ գերազանցելով Ֆապիօ Կամպերինին (նոյն ինքնաշարժը): Երրորդ դիրքը 3″ 373 ուշացումով գրաւեց Ալեքս Ֆոնթանա:
Նշենք, որ այժմ Ժամմալի խումբը` «Արզ Մոթոր Սփոր», 52 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի «Ուեսթ Թիք» խումբը, որ ապահոված է 101 կէտ, իսկ երկրորդ դիրքը 77 կէտով կը գրաւէ «Ար. Փի. Մոթոր Սփոր»:
Ինչ կը վերաբերի Ժամմալի գրաւած դիրքին, ան այժմ 50 կէտով կը գրաւէ 7-րդ դիրքը. 113 կէտով առաջին դիրքին վրայ է Ալեքս Ֆոնթանա: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Տէյվիտ Ֆոմանելլի (88 կէտ) եւ Ֆապիօ Կամպերինի (79 կէտ):
Նշենք, որ յաջորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 29-30 հոկտեմբերին` Մոնթեմիլոյի վազքուղիին վրայ (Սպանիա):


