ՆԱԶԻԿ ԱՒՏԱԼԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻ ԵՏՔ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀ
Հայրենի ծանրաբարձ Նազիկ Աւտալեան իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ երկու տարի ետք պիտի վերադառնայ ծանրաբարձութեան աշխարհ, մինչեւ որ ամբողջութեամբ ապաքինած ըլլայ:
Նախորդ ապրիլին օթոպիւսի արկածի մը ենթարկուած եւ ծանրօրէն վիրաւորուած Աւտալեան ըսաւ. «Կը ցաւիմ, որ 2012-ի ողիմպիականի խաղերուն պիտի չկարենամ մասնակցիլ, բայց վստահ եմ, որ հետագային այլ կարեւոր մրցաշարքերու եւ ախոյեանութիւններու պիտի մասնակցիմ: Առողջական պատճառներով նոյնիսկ յետաձգեցի պսակադրութիւնս, որ շատ հաւանաբար տեղի ունենայ ձմրան եւ կամ յառաջիկայ տարեսկիզբին»:
CATEGORIES Մարզական


