ՀՈՒՍԱՄԷՏՏԻՆ ՀԱՐԻՐԻԻ ԱՆՈՒԱՆ ՏՂՈՑ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԷՅՐՈՒԹ ԵՒ ԹԱԹՊԻՔԻԷ ԱՊԱՀՈՎԵՑԻՆ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐԵՆՑ ՏՈՄՍԵՐԸ

Երէկուան մրցումներէն

Սայտայի մէջ տեղի ունեցող Հուսամէտտին Հարիրիի անուան տղոց պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին, երէկ Թաթպիքիէ (Յորդանան) ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 80-77 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Մութթահետը:

Թաթպիքիէ, որ գրաւեց Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը, այսօր կը մրցի Ա. խմբակին երկրորդ դիրքը գրաւած Ահլիի դէմ (Եգիպտոս):

Բ. խմբակին երկրորդ դիրքը գրաւեց Անդրանիկ Պէյրութ, հակառակ անոր որ 106-96 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սփորթինկէն (Եգիպտոս):

Այսպիսով, Անդրանիկ կիսաւարտականին կը մրցի Ռիատի Պէյրութի դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES