ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԷՔՈՒԱՏՈՐԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Էքուատորի արտաքին գործոց նախարար Ռիքարտօ Փաթինօ Արոքքան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Փաթինօ, որ Միջին Արեւելք ժամանած է Լիբանան եւ կարգ մը արաբական երկիրներ կատարելիք շրջապտոյտի մը ծիրին մէջ, շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի եւ Էքուատորի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւել:
Փաթինօ Էքուատորի նախագահին ողջոյնները փոխանցեց Միքաթիին` անոր մաղթելով յաջողութիւն իր ստանձնած դժուար պարտականութեան մէջ:
Իր կարգին, Միքաթի ողջունեց Էքուատորի կեցուածքները արաբական հարցերուն նկատմամբ` աւելցնելով, որ ինք կը քաջալերէ լիբանանցի եւ էքուատորցի գործարարներու խորհուրդի մը կազմութիւնը, որուն ընդմէջէն կարելի պիտի ըլլայ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդել եւ աշխուժացնել:
Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց մարոնի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Ռոլան Ապու Ժաուտէ եպիսկոպոսը, որ անոր յանձնեց հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու յառաջիկայ 25 մարտին Պքերքէի մէջ Պշարա Ռայի պատրիարքի պաշտօնակալման արարողութեան: