ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈԿՈՒՄԻ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ
Մարոնի համայնքի նորընտիր պատրիարքը` Պշարա Ռայի, այսօր կը սկսի հոգեւոր խոկումի հանգրուանին, որմէ ետք ան յառաջիկայ ուրբաթ օր պաշտօնապէս պիտի ստանձնէ պատրիարքական պաշտօնը:
Միւս կողմէ, երէկ Պքերքէի մէջ Ռայի շարունակեց շնորհաւորութիւններ ընդունիլ` պատրիարք ընտրուելուն առիթով:
Ռայի պատրիարքին այցելեցին նաեւ «Էն. Տի. Եու.» դպրոցին աշակերտները, որոնք շնորհաւորեցին զայն: Իր կարգին, Ռայի կոչ ուղղեց անոնց անհրաժեշտ նկատելու ուսումը, որովհետեւ անոնք են երկրին ապագան: Ռայի պատրիարքը ողջունեց նաեւ ուսուցիչները, որոնք ուսում եւ գիտութիւն կը ջամբեն նոր սերունդներուն:
Ռայի պատրիարքը լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իր պաշտօնակալման արարողութեան առիթով ինք հրաւէր մը յղած է նաեւ սուրիական իշխանութիւններուն ներկայ գտնուելու այդ արարողութեան:
Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ այս տարի հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Սուրիա, ուր պիտի խնդրէ հանդիպիլ սուրիացի պատասխանատուներու հետ` քննարկելու համար մարոնի համայնքին վերաբերող հարցերը:
«Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ քաղաքական փշոտ հարցեր կան, սակայն այդ հարցերը կը վերաբերին քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ ես պետական անձնաւորութիւն մը չեմ, սակայն մենք հոգեւորականներս պէտք է օժանդակենք պետական անձնաւորութիւններուն` անոնց համար ստեղծելով երկխօսութեան յարմար առիթը», ըսաւ ան:
Ռայի յայտնեց, որ ինք Դիմադրութեան զէնքին մասին ոչ մէկ կեցուածք պիտի յայտնէ, մինչեւ մարոնի եպիսկոպոսներուն հետ իր կատարելիք խորհրդակցութիւնները:
Ռայի պատրիարքին այցելեց շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, որուն հետ անոր հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքը:
Հանդիպումէն ետք շէյխ Քապալան ընդգծեց գործակցութեան եւ իրարու բացուելու քաղաքականութեան կարեւորութիւնը` մերժելով ամէն տեսակի ծայրայեղութիւն եւ խտրութիւն` նկատել տալով, որ Յիսուս Քրիստոսի պատգամն էր ներողամտութիւնն ու սէրը:
Շէյխ Քապալան մաղթեց, որ Ռայի պատրիարքը հետեւի իր նախորդներուն քայլերուն` ամրապնդելու համար լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը եւ պահպանելու համար Լիբանանը` իր բոլոր համայնքներով եւ յարանուանութիւններով:
Քապալան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կերտել բոլորին հետ գործակցելու եւ մերձենալու պատրաստ Լիբանանը, որ միայն կրնայ թռչիլ իր իսլամ եւ քրիստոնեայ թեւերով:
Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ Հըզպալլան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
Պատուիրակութիւնը Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Ռայի պատրիարքին եւ անոր հետ ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը:
Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ Պքերքէի հետ գործակցութեան նոր հանգրուան մը սկսած է. ան նշեց, որ պատուիրակութիւնը եւ պատրիարքը փափաք յայտնած են յառաջիկայ հանգրուանին խորհրդակցութիւնն ու երկխօսութիւնը շարունակելու եւ զայն աշխուժացնելու:
Ռաատ յաջողութիւն մաղթեց Ռայի պատրիարքին` անոր ստանձնած նոր առաքելութեան առիթով:
Պքերքէի այցելուներէն եղաւ նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մոհամետ Սաֆատին, որ յայտնեց, թէ Ռայի պիտի դառնայ լիբանանցիները իրարու կապող պատրիարքը:
«Պքերքէ, որ լիբանանեան գոյացութեան մէջ պատմական դերակատարութիւն ունեցած է, բարոյական պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու առումով: Մենք կը հաւատանք, որ միջքրիստոնէական երկփեղկումը կը տկարացնէ Լիբանանը, մինչ բազմազանութիւնը կը զօրացնէ եւ կը հաւասարակշռէ զայն», ըսաւ Սաֆատի:
Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց Լիբանանի մէջ Պաաս կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ֆայեզ Շքըր, որ յոյս յայտնեց, թէ յաջորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ այնպիսի ժամանակաշրջան մը, որուն ընթացքին Լիբանանի մէջ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել թէ՛ քրիստոնեայ եւ թէ՛ իսլամ քաղաքացիներուն շահերը:
«Իսկ նկատի ունենալով Ռայի պատրիարքին կարգախօսը, մենք կը մաղթենք, որ երկրին մէջ գոյանայ նաեւ ազգային գործակցութեան կարգախօս մը` բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն խորագիրին տակ:
Պքերքէի այցելուներէն եղան նաեւ Ազատ եւ միացեալ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Էմիլ Ռահմէ, նախկին նախարար Միշել Սմահա, Քարլոս Էտտէ եւ մեծ թիւով դիւանագէտներ, որոնց շարքին Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի եւ Յորդանանի դեսպան Զիատ Մաժալի: