«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐԸ ԱՐՏԱՔԻՆ ԵՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՊԸՐՐԻ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած ուշացումը արտաքին պատճառներով չէ, այլ` զուտ ներքին լիբանանեան խոչընդոտներու պատճառով:

«Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ ներկայիս կը սերտուին նոր հաւանականութիւններ եւ մօտեցումներ` կառավարութեան կազմութեան առումով: Ան շեշտեց, որ այս իմաստով քաղաքական կողմերուն միջեւ դրական մթնոլորտ կայ:

Պըրրի մերժեց որոշ թուական մը ճշդել կառավարութեան ծնունդը յայտարարելու իմաստով եւ նկատել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան իսկական աշխատանքը սկսաւ մարտ 14-էն ետք: «Նկատի ունենալով, որ անցեալը անյստակ է, ապա անհրաժեշտ է հայեացքը ուղղել դէպի ապագայ եւ այդ մէկը լաւապէս արտացոլողը երիտասարդութիւնն է եւ անոր որդեգրած միջոցառումներն ու ծրագրած շարժումները` համայնքային դրութիւնը ջնջելու առումով», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը, որ կը հետեւի Լիբանանի համայնքային դրութիւնը ջնջել փափաքող երիտասարդներուն աշխատանքներուն:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Էքուատորի արտաքին գործոց նախարար Ռիքարտօ Փաթենոն, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES