«ՄԻՇՏ ԲԱՐՁՐԱՆԱՆՔ ԵՒ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵՆՔ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՀՄԸՄ-Ը» Կ՛ԸՍԷ ԵՂԲԱՅՐ ԺԱՔ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը իր կատարած հարցազրոյցներու ծիրին մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ եղբայր Ժաք Պոյաճեանին հետ: Ան մեզի պատմեց ՀՄԸՄ-ի մէջ տարած իր աշխատանքներուն եւ մասնաւորաբար միութեան մէջ իր ունեցած փորձառութեան եւ զգացումներուն մասին:
Ժ. Պոյաճեան ՀՄԸՄ-ի մէջ ունի աւելի քան 60 տարուան միութենական ծառայութիւն:
Փոքր տարիքէն մուտք գործած է ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը` նախ իբր ֆութպոլի, ապա պասքեթպոլի մարզիկ, մարզիչ, մարզական պատասխանատու, վարչական, Շրջանային վարչութեան անդամ , Լիբանանի ֆետերասիոնի անդամ:
1946-1948 Ժաք Պոյաճեան եղած է ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբի մարզիկ, 1948-1952 եղած է ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան պասքեթի մարզիչ:

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի խումբը, որ 4 տարի ախոյեան հանդիսացաւ: Թիւ 6 շապիկը կրողը` Ժ. Պոյաճեան:
1948-1951 տարիներուն ան եղած է մարզիկ ՀՄԸՄ-ի Պ. Համուտ մասնաճիւղի առաջին խումբին եւ այս երկու շրջաններուն խումբը հանդիսացած է Լիբանանի պասքեթպոլի երկրորդական խումբերու ախոյեան:
1953-1963 փոխադրուած է ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի պասքեթպոլի Ա. խումբ, 1960-1983 եղած է ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի պասքեթպոլի աղջկանց խումբի մարզիչ` խումբին հետ տիրանալով լիբանանեան բազմաթիւ ախոյեանութիւններու եւ պահած` ախոյեանութեան տիտղոսը իր մարզիչ ըլլալուն ամողջ տեւողութեան: Գրեթէ միաժամանակ, 1962-1983, եղած է Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբի մարզիչ:
1955-1956 Ժաք Պոյաճեան աշխատանքի բերումով կը մեկնի Գահիրէ քանի մը ամսուան համար, եւ այս ծիրին մէջ ան յուզումով կը պատմէ դրուագ մը.
«Եգիպտոսի ընկերութեան մէջ կը հանդիպիմ հայ պաշտօնեայի մը, կը բարեւենք իրարու, ան կը հարցնէ, թէ ի՞նչ զբաղում ունէի Պէյրութի մէջ եւ կ՛ըսեմ, թէ ես ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի պասքեթպոլի մարզիկ եմ: Յանկարծ ինքզինքս կը գտնեմ հայ պաշտօեայի գրկին մէջ, որ յուզումով եւ ուրախութեամբ կը բացագանչէր, թէ մենք եղբայներ ենք ուրեմն, որովհետեւ ինք ալ անդամ էր ՀՄԸՄ-ի «Արարատ» մասնաճիւղին: Անմիջապէս ինձմէ կը խնդրէ, որ անպայման գործէն ետք միասնաբար ուղղուէինք «Արարատ» ակումբ: Այդպէս ալ ըրինք, երկուքս ալ անհամբեր էինք:Եւ ահա ան զիս կը ծանօթացնէ անդամներուն ՀՄԸՄ-ի «Արարատ» ակումբի, ուր նաեւ ծանօթացայ Վարուժան Գազանճեանին, որ այդ շրջանի խումբին խմբապետն էր: Բոլորն ալ խանդավառուած ուզեցին, որ ես իրենց խումբին մաս կազմեմ որովհետեւ Եգիպտոսի երկրորդական խումբերու մրցաշարք տեղի պիտի ունենար: Տղաքը անկարելին կարելի դարձուցին, որպէսզի ձեռք ձգեմ արտօնագիր, ինչպէս նաեւ յատուկ կարգադրութեամբ մը գործիս ժամանակաշրջանը, որ 15 օր էր միայն, երկարաձգեն 3 ամսուան: Մենք խաղցանք երկրորդ դասակարգի ախոյեանութեանց մրցաշարքին եւ հանդիսացանք ախոյեան եւ խումբը բարձրացաւ առաջին դասակարգ: Խումբին մարզիչն էր եղբայր Նիզիպլեան»:
1961-1975, ինչպէս նաեւ 1978-1979 Ժաք Պոյաճեան կ՛ընտրուի ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եւ մարզական պատասխանատու: 1981-1983 վարած է ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետի պաշտօնը: 1962-1996 եղած է Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ, հաւաքականի մարզիչ եւ թեքնիք պատասխանատու: 1962-1983 եղած է Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց հաւաքական խումբի մարզիչ:1965-1969 վարած է Լիբանանի համալսարանական աղջիկներու հաւաքական խումբի մարզիչի պաշտօնը: 1966-1967 ան եղած է լիբանանեան տղոց հաւաքականի մարզիչ: 1963-1983 եղած է ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի տղոց Ա. խումբի մարզիչ:
1965-ին Ժաք Պոյաճեանի առաջարկով պասքեթպոլի ֆետերասիոնը կը հիմնէ Լիբանանի «Անկախութեան» նուիրուած պասքեթպոլի մրցաշարք մը եւ անկէ ետք աւանդական դառնալով` կը շարունակուի ՀՄԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ մինչեւ 1974, ապա ֆետերասիոնը ինք կը ստանձնէ կազմակերպումը այս մրցաշարքին, ը որ կը շարունակուի մինչեւ օրս:
Դարձեալ գործի բերումով, 1976-1977 Ժ. Պոյաճեան կը փոխադրուի Ամման. այս մասին ան կը պատմէ այլ դրուագ` մը ըսելով.- «Ամման գտնուած միջոցիս լսեցի, որ տեղւոյն ՀՄԸՄ-ը պիտի ունենայ իր տարեկան պարահանդէսը, եւ ես հաճոյքը ունեցայ ներկայ գտնուելու եւ հոն տեղւոյն վրայ խանդավառուած` առաջարկեցի մարզել պասքեթպոլի խումբերը: Օգտուելով իմ կեցութենէս` ես սիրայօժար, իրենց խումբի մարզիչին հետ գործակցաբար (որուն շատ բան սորվեցուցի), շաբաթական 3 անգամ փորձեր ընելով, մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Ամմանի ակումբին մէջ:
Այդ տարի ՀՄԸՄ-ի խումբը հանդիսացաւ երկրորդ դասակարգի ախոյեան եւ բարձրացաւ առաջին դասակարգ: Չէք կրնար երեւակայել, թէ որքա՛ն մեծ էր մեր ուրախութիւնը:
1984-1986, 1988-1991, 1992-1994 տարիներուն ան եղած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ մարզական պատասխանատու: 1991-ին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կարգ մր շրջաններու պատասխանատու անդամներուն օգնութեամբ եւ բաւական դժուարութիւններէ ետք, կը կազմուի ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի հաւաքականը, որ մինչեւ օրս կը գոյատեւէ (տղոց ներկայացուցչական խումբ): 1981-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Քանատայի մէջ համագաղութային պասքեթպոլի մրցաշարքին Ժ. Պոյաճեան կը գլխաւորէ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլի խումբերը: «Ոչ մէկ ճիգ խնայեցինք, որպէսզի մասնակցինք սոյն մրցաշարքին», հպարտօրէն կ՛ըսէ ան` աւելցնելով, որ աղջկանց խումբը կը խլէ ախոյեանութեան բաժակը, իսկ տղոց խումբը կը գրաւէ չորրորդ դիրքը:
1992-ին եւ 1994-ին, դարձեալ Ժ. Պոյաճեանի գլխաւորութեամբ, տղոց խումբը կը մասնակցի Թեհրանի մէջ համահայկական պասքեթպոլի մրցաշարքին եւ կը տիրանայ ախոյեանութեան:
1968-1994 ան եղած է ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի պասքեթպոլի խաղերուն թեքնիք պատասխանատուն:
1962-1996 գլխաւորած է մը պասքեթպոլի Լիբանանի ազգային խումբերու շարք մը պատուիրակութիւններ եւ ընտրուած է թեքնիք պատասխանատու` Արաբական ֆետերասիոնի կողմէ:
Լիբանանի ֆետերասիոնի մէջ երկար տարիներ եղած է գանձապահ: 1994-ին Ժ. Պոյաճեան արժանացած է ՀՄԸՄ-ի ծառայութեան շքանշանին, իսկ 2008-ին` ՀՄԸՄ-ի 90-ամեակի յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ ստացած է ՀՄԸՄ-ի «Արժանեաց» շքանշանը:
Ժագ Պոյաճեան կ՛ըսէ, թէ հաճոյքով ըրած է այս բոլոր ծառայութիւնները, սիրայօժար աշխատած է առանց նիւթական ակնկալութեան: 34 տարիներ շարունակ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մէջ աշխատած է եւ` մեծ աշխատանք տարած: «Ասիկա կ՛ըսեմ խղճի ամենայն հանգստութեամբ, որպէսզի կարենամ օգտակար դառնալ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի բոլոր խումբերուն», կ՛ըսէ ան հպարտօրէն եւ յուզուած:
«ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի ատենապետութեանս երեք տարիներուն պատերազմի օրեր էին,- կը պատմէ եղբայրը.- օր մը ակումբ կ՛երթանք եւ կը տեսնենք, որ ռումբ մը պայթած է մուտքի դրան առջեւ, այդ օրերուն դժուար էր ակումբ պահել, սակայն ՀՄԸՄ-ի հանդէպ մեր ունեցած մեծ սէրը ուժ կու տար մեզի, որպէսզի այդ գէշ օրերուն իսկ մենք մեր ակումբին դռները չգոցենք: Շուտով նորոգեցինք ռումբին հետքերը անհետացուցինք ու սկսանք մեր սովորական աշխատանքներուն», կ՛ըսէ եղբայրը:
«ՀՄԸՄ-ը եղած է իմ առաջին ընտանիքս եւ կրնամ ըսել, որ այդ օրերուն ընտանիքէս աւելի իմ ժամանակս անցուցած եմ ՀՄԸՄ-ի մէջ: Երբեք չեմ զղջար, ընդհակառա՛կը, ուրախ եւ հանգիստ կը զգամ, երբ կը տեսնեմ, որ ՀՄԸՄ-ը լաւ վիճակի մէջ է, ուրախ եւ հանգիստ կը զգամ, որովհետեւ մեր աշխատանքը տակաւին շարունակող կայ», կ՛ըսէ ան:
«Իմ փափաքս է` ինչ որ էինք մենք որպէս ՀՄԸՄ-ականներ` մեծ սիրով եւ զգացումով լեցուած, թող այդ մնայ նոյնը եւ անմար կրակի պէս միշտ վառ մնայ ու երբեք չմարի», կը հաստատէ Ժաք Պոյաճեան:
1974-ին Լիբանանի Ողիմպիականի վարչութիւնը յատուկ նամակով մը Լիբանանի երտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէ խնդրած է Ժագ Պոյաճեանին շնորհել շքանշան մը` անոր տարած լայնածիր աշխատանքներուն համար թէ՛ ՀՄԸՄ-ի եւ թէ՛ Լիբանանի պասքեթպոլի մարզին մէջ:
Սակայն դժբախտաբար պատերազմը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ հոս եւս:
Ժաք Պոյաճեան կը յայտնէ, որ օրը օրին կը հետեւի ՀՄԸՄ-ի մարզական լուրերուն եւ յատկապէս ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբերու լուրերուն:
Մեր կարգին իրեն կ՛ըսենք` վարձքդ կատար, սիրելի եղբայր Ժաք:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ









