ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 20 ՏԱՐԵԿԱՆ Է
Երեւանի հրապարակի վրայ ենք:
Հայաստանի վերանկախացման 20-ամեակն է:
Պետական աւագանին ներկայ է, ժողովրդային հսկայ բազմութիւն կայ: Որախ եմ, որ ես ալ ներկայ եմ:
Հայաստանի բանակի տողանցքը հիանալի էր: Հպարտառիթ պահեր էին մեր քաջարի եւ հզօր բանակին զինական ցուցադրութիւնները, որոնք քաջութիւն եւ հայրենիքի պաշտպան ըլլալու հաւատքը կը ներշնչէին: Մեծ ուրախութիւն էր յատկապէս Ղարաբաղի բանակին ներկայութիւնը: Ծափահարութիւնները, ողջագուրումները, «Կեցցէ»ները, «հուռա»ները կը թնդային:
Յատկանշական էին եռագոյն դրօշի ծածանումը Երեւանի հրապարակին վրայ, օդանաւերու խորհրդաւոր թռիչքը, ոգեւորութեան գագաթնակէտներ արդէն: Բազմահազար ներկաներուն մէջ էի դժուարութեամբ կրցայ անցնիլ առաւել մօտէն տեսնելու օրուան յայտագրին մասնակցողները: Տպաւորիչ եւ անմոռանալի հանդիսութիւններ, որոնք աւարտեցան` մեծ յոյս ներշնչելով հայոց յաւերժութեան եւ մեր հայրենիքէն անկախութեան զօրացման մաղթանքներով:
20 տարեկան երիտասարդ անկախ Հայաստանի յաւերժական վերելքին մաղթանքներով կը բաժնուինք հրապարակէն:
Երեկոյին հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ Երեւանի շատրուաններու շուրջ, լոյսերու ջրվիժումով, ինչպէս նաեւ լսատեսողական պատկերներու ցուցադրութեամբ` Սարդարապատէն մինչեւ Արցախի յաղթանակները պատկերացնող:
Կեցցէ` Արցախը:
Կեցցէ` Հայաստանը:
Կեցցէ` Սփիւռքը:
ՀՈՒՐԻ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

