«ՎՍՏԱՀ ԵՄ, ՈՐ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՕՊԱՄԱ

Նախագահ Օպամա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ամերիկեան «Էյ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «վստահ եմ, որ տնտեսական կացութենէն ամերիկացիներուն դժգոհութեան պատճառով հոկտեմբեր-նոյեմբեր 2012-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին մրցակցութիւնը սուր պիտի ըլլայ. թէեւ կը կարծեմ, որ մեր որդեգրած ընտրանքները լաւագոյնն էին, սակայն կը շարունակենք դժուար կացութենէ անցնիլ»:

Պատասխանելով անգործութեան մասին հարցումի մը, որ ըստ ամերիկացիներու 55 առ հարիւրին տնտեսական կացութիւնը պատճառ պիտի դառնայ, որ Օպամա չվերընտրուի, Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ «տնտեսութեան պատճառով երկրորդ անգամ չընտրուելուս գաղափարը ամբողջովին կ՛ընդունիմ»` աւելցնելով, թէ ինք կը յուսայ, որ «բոլորը տեղի ունենալիք քննարկումին ուշադրութիւն դարձնեն, որովհետեւ ատիկա ոչ միայն յառաջիկայ չորս տարիներուն ինչ տեղի ունենալիքը պիտի ճշդէ, այլ նաեւ այն, ինչ որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ քսան կամ երեսուն տարիներուն ընթացքին»:

 

Share this Article
CATEGORIES