ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՄԱՐ ԱՄԷՆԷՆ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ՆԿԱՏՈՒՈՂ ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ ԱՔՍՈՐԵԱԼ ՄԸ

Համաս-Իսրայէլ գերիներու փոխանակման երեքշաբթի օր իրականացած առաջին հանգրուանին ընթացքին իսրայէլեան բանտերէն ազատ արձակուեցան 477 պաղեստինցի գերիներ, որոնցմէ քառասունը Իսրայէլ որոշեց արտաքսել: Քաթար, Թուրքիա, Սուրիա եւ Եգիպտոս պատրաստակամութիւն յայտնեցին զանոնք հիւրընկալելու:

Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիա արդէն հիւրընկալած է նշեալ քառասուն աքսորեալներէն 11-ը, որոնց մեծ մասը Համասի անդամներ են: Անոնց շարքին է Իսրայէլի համար ամէնէն վտանգաւոր դէմքերէն մէկը նկատուող Համասի բարձրաստիճան ներկայացուցիչ Զաքարիյա Ուալիտ Աքըլ, որ Իսրայէլի իշխանութիւններուն կողմէ դատապարտուած էր 16 անգամ ցկեանս բանտարկութեան:

Իսրայէլեան բանտերուն մէջ 19 տարի արգելափակուած Աքըլ Համասի զինուորական թեւը հանդիսացող Քասսամի ջոկատներու հիմնադիրն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES