ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԵՏԱԿԱՆ ԾԱԽՍԵՐՈՒ ՍԵՂՄՈՒՄԻՆ ԴԷՄ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼ
Յունաստանի մէջ պետական ծախսերու սեղմումին դէմ երկօրեայ ընդհանուր գործադուլ մը երէկ ընթացք առնելով ջլատեց պետական ծառայութիւններն ու փակեց գրասենեակները:
48 ժամուան գործադուլը տեղի կ՛ունենայ, մինչ չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի նախատեսուած են խորհրդարանի նիստեր, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին երկու օրինագիծեր, որոնք կը վերաբերին տուրքերու յաւելման, հանգստեան թոշակներու եւ ամսականներու յաւելեալ կրճատման, ինչպէս նաեւ աշխատանքի հաւաքական համաձայնութեան առկախումին: Այդ օրինագիծերուն հիմամբ 30 հազար պետական պաշտօնեաներու պաշտօնավարութիւնը պիտի առկախուի, իսկ ամսականները` նուազին:
Յունաստանի պետական պարտքը համախառն ներքին արտադրութեան 162 առ հարիւրն է եւ պետութիւնը կը պայքարի զայն նուազեցնելու, մինչ մտավախութիւններ գոյութիւն ունին, որ ան չկարենայ իր պարտքերը վճարել, ինչ որ եւրոպական գօտիին մէջ կրնայ տագնապ մը յառաջացնել: Նշենք, որ գոյութիւն ունին մտավախութիւններ, որ Յունաստանի դժուարութիւնները վարակեն նաեւ Եւրոպական գօտիի մէջ գտնուող Սպանիոյ եւ Իտալիոյ նման այլ երկիրներ:


