ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏԻ ՈՒՂԵԳԻԾԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՂ ԲԱԶՄԱՄԱՐԴ ՑՈՅՑ
Հալէպի մէջ երէկ բազմամարդ ցոյց մը տեղի ունեցաւ` առ ի զօրակցութիւն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ձեռնարկած բարեփոխումներուն, առ ի երախտագիտութիւն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի որդեգրած կեցուածքին, ինչպէս նաեւ մերժելով Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնները:
Թրքական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ ընդդիմութեան կազմած Ազգային խորհուրդը ճանչնալու հարցը «Անգարայի մէջ լուրջ քննարկումի առարկայ է»` աւելցնելով, որ «այս հարցով տրուելիք որոշումը նկատի պիտի ունենայ ներկայ կացութիւնը եւ այդ քայլին Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելուն հարցով բերելիք նպաստը»:
Միւս կողմէ, թրքական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիյա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիա այցելող սուրիական ընդդիմադիր պատուիրակութեան յայտնած է, որ անհրաժեշտ է տագնապը լուծել խաղաղ միջոցներով` առանց բռնարարքներու դիմելու:
Սուրիացի ընդդիմադիրներու պատուիրակութիւնը Թուրքիոյ փոխանցած է իր պահանջները` անգամ մը եւս «զինուորական որեւէ միջամտութիւն» մերժելով:
Սուրիական ընդդիմադիր աղբիւրներ «Ժումհուրիյա»ին յայտնած են, որ Տաւութօղլու Արաբական լիկայէն պահանջած է քանի մը օրէն գումարել ընդլայնուած նիստ մը, որուն ներկայ գտնուին սուրիական կառավարութենէն եւ ընդդիմութենէն մէկական պատուիրակութիւններ: Աղբիւրները նշեցին, որ ընդդիմութեան պատուիրակութիւնը այդպիսի նիստի մը ներկայ պիտի գտնուի եւ կառչած կը մնայ Սուրիոյ ազգային խորհուրդի ճանաչման իր պահանջին, սակայն բացառեցին սուրիական կառավարութենէն պատուիրակութեան մը այդ նիստին մասնակցութիւնը:


