ՔԱԿ-Ի ԿՈՂՄԷ 26 ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ ԻՐԱՔ
Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներ գիշերով իրաքեան սահմանին մօտ գտնուող Կորճայք նահանգի Չուքուրճա եւ Եիւքսեքովա շրջաններուն մէջ թրքական բանակի դիրքերուն վրայ յարձակումներ գործելով յաջողեցան առնուազն 26 թուրք զինուորներ սպաննել եւ 22 ուրիշներ վիրաւորել, ինչ որ 1993-էն ի վեր թրքական բանակին մեծագոյն կորուստն էր: Մէկ օր առաջ Պիթլիս նահանգին մէջ ականահարումի մը պատճառով 5 ոստիկաններ սպաննուած էին եւ երեք ուրիշներ վիրաւորուած:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ խոստացաւ վրէժ լուծել: «Անոնք, որոնք մեզի այս ցաւը պատճառեցին, իրենց կարգին պիտի ցաւին: Անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ կրնան այս ձեւով թրքական պետութիւնը ցնցել պիտի տեսնեն, որ այս յարձակումներուն համար մեր վրէժը մեծ պիտի ըլլայ: Անոնք ի վերջոյ պիտի տեսնեն, որ թրքական պետութեան դէմ պատերազմ չեն կրնար մղել: Անոնք, որոնք անոնց կ՛օժանդակեն, իրենց կարգին պէտք է իրենց դասը առնեն եւ ասոր հետեւանքները կրեն: Ամբողջ աշխարհը պէտք է գիտնայ, որ Թուրքիա ահաբեկչութեան դէմ պայքարը վճռակամութեամբ մինչեւ վերջ պիտի շարունակէ: Թուրքիա երբեք պիտի չցնցուի», յայտարարեց Կիւլ:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ղազախստան կատարած իր այցելութիւնը ջնջելով հրաւիրեց արտակարգ ժողով մը, որուն մասնակցեցան ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահին, պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ եւ գաղտնի սպասարկութեան (ՄԻԹ) ղեկավար Հաքան Ֆիտան:
Էրտողան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «բոլորը, Թուրքիոյ թէ՛ թշնամիները եւ թէ՛ բարեկամները պէտք է գիտնան, թէ Թուրքիա երբեք որեւէ յարձակումի պատճառով անձնատուր պիտի չըլլայ, երբեք պիտի չնահանջէ եւ երբեք պիտի չզիջի երկրին հողէն նոյնիսկ չնչին մէկ մասը: Անոնք, որոնք այս երկրին խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը թիրախ կը դարձնեն, այս կառավարութիւնը եւ ամբողջ ժողովուրդը իրենց դէմ պիտի գտնեն»` աւելցնելով, որ «ան, որ բացայայտ կամ ծածուկ կերպով ՔԱԿ-ի կը զօրակցի, կ՛օժանդակէ կամ ՔԱԿ-ի նկատմամբ հանդուրժողականութիւն կը ցուցաբերէ եւ անտարբեր է ՔԱԿ-ի անմարդկային յարձակումներուն նկատմամբ, իր վիզին վրայ թրքական պետութեան շունչը պիտի զգայ»:
Ան նշեց, որ վերջին արարքները, որոնց նպատակը թուրք ժողովուրդը գրգռելն է, ցոյց կու տան, որ ՔԱԿ գործիք մըն է «մութ ուժերու, որոնք Թուրքիոյ մէջ խաղաղութիւնն ու եղբայրութիւնը թիրախ կը դարձնեն»: «Եթէ ոեւէ մէկը այս ցաւալի դէպքին պատճառով իր բարկութիւնը չկարենայ զսպել, ապա ահաբեկչական կազմակերպութիւնը իր նպատակին պիտի հասնի: Սակայն մենք մեր համբերութիւնն ու հանդարտութիւնը պիտի չկորսնցնենք», ըսաւ ան:
Քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահներ Կիւլթեն Քըշանաք եւ Սելահատտին Տեմիրթաշ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ Կորճայքի մէջ արձանագրուած զոհերը ամբողջ երկրին ցաւ պատճառած են, եւ բառերը բաւարար չեն նկարագրելու համար այն ցաւը, որ իրենք կը զգան: «Մենք այս պատերազմին եւ զոհերուն համար «բա՛ւ է» կ՛ըսենք: Այսօրուան ցաւալի պատկերը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ Թուրքիա անմիջական կերպով խաղաղութեան կը կարօտի: Թուրքիա խաղաղութեան այլընտրանք չունի», ըսին անոնք:
Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցերով նախարար, Եւրոպական Միութեան մօտ աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ իր մօտ կանչեց Թուրքիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանը: Ան յայտնեց, որ «Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն պիտի հեռաձայնեմ եւ կարծր ոճով անոնց ըսեմ, թէ իրենց այլեւս լուռ մնալ պիտի չարտօնենք»: Ան աւելցուց, որ ՔԱԿ պէտք է գիտնայ, որ չորեքշաբթի օրը ջրբաժան մըն է եւ այսուհետեւ ոչինչ նոյնը պիտի ըլլայ:
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի կառավարութեան կոչ ուղղեց վերականգնելու շուրջ տասնամեակ մը առաջ ջնջուած արտակարգ դրութեան օրէնք մը, որ ծանօթ է ՕՀԱԼ անունով: ՕՀԱԼ 1987-ին հաստատուած է Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շարք մը նահանգներու մէջ: ՕՀԱԼ-ի հիմամբ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ մեծաթիւ զօրք կը տեղակայուի, կանոնաւոր կերպով անցարգելներ եւ կրակմարի դրութիւն կը հաստատուի եւ դատավարութիւնները կը բացառուին: ՕՀԱԼ ջնջուած էր 2002-ին:
ՔԱԿ-ի յարձակումէն քանի մը ժամ ետք, թրքական ռմբաձիգներ սկսան Հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի դիրքերը ռմբակոծել, ապա թրքական ուժեր մուտք գործեցին Իրաք: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, թրքական ուժերը յաջողած են Իրաքի սահմանին մօտ բախումներու ընթացքին ՔԱԿ-ի 15 զինեալներ սպաննել: Նշենք, որ թրքական կառավարութիւնը վերջերս վերանորոգած էր Իրաքի մէջ քիւրտ զինեալներ հետապնդելու համար թրքական բանակին տրուած լիազօրութիւնը:


