ՍԱՐՔՈԶԻ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ` ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ԽՍՏԱՑՆԵԼՈՒ
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Արեւմուտքին կոչ ուղղեց` Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին դէմ մահափորձի ծրագիրին պատճառով Իրանի դէմ պատժամիջոցները խստացնելու:
Սարքոզի յայտնեց, որ «ամերիկացիներուն ներկայացուցած տեղեկութիւնները շատ ճշգրիտ են եւ այս իրենց հաւաստիութիւնը կը հաստատեն»` աւելցնելով, որ «իրանեան ղեկավարութեան կողմէ շեղումը խոր մտահոգութիւն կը պատճառէ»:
Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի` իբրեւ հրէական պետութիւն ճանչնալու պնդումին, Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց, որ «հրէական պետութիւն մը անիմաստ է, որովհետեւ պետութիւն մը հրէական կամ կաթողիկէ չէ»:
CATEGORIES Միջազգային

