ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ԿԱՐԳ ՄԸ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԽՏԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍԵՌԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 19 հոկտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին  մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Կարգ մը հիւանդութիւններու ժխտական ազդեցութիւնը սեռային առողջութեան վրայ» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր  սրտաբան տոքթ. Ֆիլիփ Պարաղսեան:

Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին կողմէ արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսն ու դասախօսութեան նիւթը, յայտնեց, որ սրտի հետ առնչուած սրտի անբաւարարութեան, սրտանօթային ինչպէս նաեւ այլ հիւանդութիւններ, ախտավարակ վիճակներ, մոլութիւններ, յաճախ արգելք կը հանդիսանան զոյգերու սեռային բնականոն ու համերաշխ կեանքին: Յասմիկ Մկրեան թելադրեց հասկացողութիւն ցուցաբերել, ըլլալ հանդուրժող, ներողամիտ, գուրգուրոտ, երբ զոյգերէն ոեւէ մէկը, այր թէ կին, կը դիմագրաւեն տարբեր առողջական խանգարումներ` միշտ հեռանկար ունենալով ընտանեկան համերաշխ կեանքը:

Տոքթ. Ֆիլիփ Պարաղսեան իր դասախօսութեան սկսաւ ներկայացնելով զոյգերու ամուսնական կեանքի բնական ընթացող վիճակը, բայց տարբեր պատճառներ, յաճախ առողջապահական, երեւան գալով խոչընդոտ կը հանդիսանան զոյգերու յարաբերութեան բնականոն ընթացքին:

Ան նշեց տարբեր պատճառներ, որոնք բացասականօրէն կ՛ազդեն զոյգերու փոխյարաբերութեան, յատկապէս սեռային փոխյարաբերութեան վրայ:

Սրտաբանը կեդրոնացաւ սրտանօթային համակարգին հետ առնչուած հիւանդութիւններուն վրայ, որոնք կ՛ազդեն զոյգերու սեռային փոխյարաբերութեան վրայ:

Առաջին բաժինով տոքթ. Պարաղսեան յիշեց սրտի երակի խցանումը, որ կը յառաջացնէ սրտի տագնապ եւ տարբեր հետեւանքներ, երբ սրտամկանը կը կորսնցնէ իր աշխատանքին 50-60 առ հարիւրը եւ յառաջ կու գան սրտա-թոքային անհանգստութիւններ ու տագնապներ:

Այս կացութեան մէջ եղող անձերու (յատկապէս այր մարդիկ) սեռային առողջութիւնը եւ աշխուժութիւնը պիտի ազդուի, մանաւանդ որ սիրտը ունի իր հիմնական դերը սեռային յարաբերութեան ընթացքին` արեան շրջագայութեան ու ընդհանուր ֆիզիքական աշխուժացման առումով:

Շատ յստակ է, թէ ենթակայ անձը պիտի չկարենայ նոյն աշխուժութեամբ շարունակել իր սեռային կեանքը:

Բուժման ընթացքը երկար ժամանակի վրայ տարածուող հոլովոյթ մըն է, եւ դեղերու օգնութեամբ սրտի մկանը կրնայ վերագտնել իր աշխատանքը: Բայց այս ամբողջ ընթացքը կը կարօտի հակառակ սեռին, այս պարագային` կնոջ խոհեմ կեցուածքին, հանդուրժողականութեան եւ համբերութեամբ այս ժամանակաշրջանի դիմագրաւման:

Տոքթ. Ֆիլիփ Պարաղսեան յաջորդաբար թուեց, թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան սրտանօթային համակարգի հետ կապուած.

ա.- Արեան ճնշումը կը բարձրանայ:

բ.- Արեան շրջագայութիւնը կ՛արագանայ:

գ.- Սրտի զարկերու թիւը կը բարձրանայ:

դ.- Շնչառութիւնը կ՛արագանայ:

Սրտաբանը կարեւորութեամբ յիշեց հոգեբանական ու յատկապէս գերճնշուածութեան երեւոյթը, որ շատ ընդհանրացած պատկերով ունի իր ժխտական անդրադարձը յատկապէս սրտի հետ կապուած անհանգստութիւններու առումով, ինչ որ բացասական կերպով կ՛ազդէ սեռային առողջ փոխյարաբերութեան վրայ:

Երկրորդ բաժինով տոքթ. Ֆիլիփ Պարաղսեան յիշեց արեան գերճնշումի հարցը. երբ վերոյիշեալ վիճակը ընդհանրապէս առնչուած է այրերու հետ, այս կացութիւնը հաւասարապէս կրնայ պատահիլ այրերու եւ կիներու պարագային: Բնականաբար արեան ճնշումը կը բարձրանայ սեռային փոխյարաբերութեան ընթացքին, բայց երբ ենթակայ անձերը զգուշ չեն ըլլար եւ բնական հսկողութեան չեն հետեւիր, սեռային փոխյարաբերութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ տարբեր անսպասելի վիճակներու, որոնք կրնան նոյնիսկ մահուան պատճառ դառնալ:

Սրտաբան տոքթ. Ֆիլիփ Պարաղսեան վերջին բաժինով թելադրեց ըլլալ համբերատար ու հասկացողութեամբ մօտենալ վերոյիշեալ երեւոյթներուն  ու վիճակներուն, զոյգերուն միջեւ առողջ պահելու համար սեռային յարաբերութիւնը եւ ընտանեկան կեանքը:

Եզրակացնելով դասախօսութիւնը` սրտաբանը պատասխանելէ ետք ներկաներու հարցումներուն, թելադրեց հայ ընտանիքի շարունակականութիւնը պահել ու օրինակ դառնալ յաջորդ սերունդին:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES