ՏԵՍԱԿԷՏ. ՀՈԼԼԱՆՏ ԻՐ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՄՐԱՊՆԴԷ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ֆրանսայի մէջ 2012-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտ երկուշաբթի, 17 հոկտեմբերին իր կուսակցութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ Սեն գետին մէջ վարդեր նետելով ոգեկոչած է 17 հոկտեմբեր 1961-ին ցոյցի մը ընթացքին ֆրանսական ոստիկանութեան կողմէ սպաննուած եւ Սեն գետը նետուած ալճերիացի ներգաղթեալներու յիշատակը` յայտարարելով, որ «պէտք է ընդունիլ տեղի ունեցածը: Այսօր ես ատիկա կ՛ընեմ իբրեւ ընկերվարական: Իսկ վաղը ատիկա պէտք է ընէ Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը»: Այլ խօսքով` ան ընտրական խոստում մը կու տար, որ նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի ճանչնայ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը:
Հոլլանտի կատարածը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի ծերակոյտին կողմէ որդեգրումը խոստանալով ֆրանսահայերու քուէները ապահովելէ ետք արաբական ծագումով 8 միլիոն ֆրանսացիները (որոնց նկատառելի մէկ մասը ալճերիացիներ են) սիրաշահելու փորձ մըն է: Ան իր այս քայլով ոչ միայն ալճերիացիները կը սիրաշահի, այլ նաեւ` հայ քուէարկողներուն մօտ իր նկատմամբ յաւելեալ վստահութիւն կը ներշնչէ:
Հոլլանտի քայլը Սարքոզիի համար յաւելեալ ցաւ կը պատճառէ` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ անոր կատարած յայտարարութենէն ետք, Ալճերիոյ նախագահի անձնական ներկայացուցիչը այդ յայտարարութիւնը մեկնաբանելով` իրեն յիշեցուցած էր ֆրանսական գաղութատիրութեան շրջանին ալճերիացիներուն դէմ գործուած բռնարարքները: Այդ ակնարկն է, որ հաւանաբար Հոլլանտի եւ անոր խորհրդականներուն մտքին մէջ այս քայլին դիմելու գաղափարը յառաջացուցած է:
Ֆրանսահայերու եւ ալճերիացիներու վերաբերող հարցերուն մէջ Հոլլանտ կը գտնուի նախաձեռնողի դիրքին վրայ, իսկ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի` հակազդողի, ինչ որ հարցախոյզներուն մէջ ոչ բարենպաստ դիրքի վրայ գտնուող Սարքոզիին համար քաջալերական երեւոյթ մը չէ:

