ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՅՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Պըրրի` Յոյն ուղղափառ համայնքի հանդիպումի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Յոյն ուղղափառ համայնքի հանդիպումին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանին վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց շարքին է ընտրական օրէնքը:

Պըրրիի հետ տեսակցելէ ետք հանդիպումի ընդհանուր քարտուղար Միշել Թուէյնի շեշտեց, որ Յոյն ուղղափառ համայնքի հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքը արդարութիւն կը պարտադրէ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան, որ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ սուրիական զարգացումները:

Համտան խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտութիւնները` շեշտելով, որ անոնք կրնան յանգիլ այնպիսի վտանգներու, որոնք կրնան սպառնալ Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES