ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐԻՏԻՆ, ԶԻԱՏ ՊԱՐՈՒՏՆ ՈՒ ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Արիտի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ, որ նախագահին հետ քննարկեց ընտրական օրինագիծը, որ վերջերս ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի կողմէ յղուած էր կառավարութեան:

Պարուտ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց նաեւ Ժեհիթայի կարիքները, յատկապէս ենթակառոյցի սարքաւորման վերաբերող խնդիրները, որոնք կ՛օժանդակեն Ժեհիթայի քարայրին կացութեան բարելաւման:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւններուն:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Մաան Պաշշուր:

Share this Article
CATEGORIES