ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ՔԱՐԻՒՂԻ ԵՒ ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻ ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ ՀԱՆՔԵՐԸ ՊԵՂԵԼ

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նախագահութեամբ:

Նիստէն առաջ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի հետ:

Ճամբորդութեան պատճառով նիստէն բացակայեցան նախարարներ Հիւսէյն Հաժ Հասան, Մարուան Շարպել, Նիքոլա Նահհաս եւ Նիքոլա Ֆաթթուշ:

Կառավարութիւնը քննարկեց 96 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն ծիրին մէջ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ ինք նիստին ընթացքին պիտի արծարծէ աշխատավարձի յաւելման հարցը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ուշադրութեան պիտի յանձնէ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին պահանջները, որոնց մասին տակաւին երէկ իմացած էր:

Վարչապետ Միքաթի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան արդիւնաբերութեան ապացոյցը այն է, որ անոր ներկայացուած պահանջները հետզհետէ աւելի մեծ թափ կը ստանան:

Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց աշխատաւորներուն հասկնալու կառավարութեան կեցուածքը եւ պետական գանձարկղին պայմանները: Ան խոստացաւ աշխատաւորներուն եւ տարբեր սենտիքաներուն պահանջները գործադրել, սակայն յարգելով առաջնահերթութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի աւելցուց, որ հոս գործադուլ մը կամ հոն նստացոյց մը կատարելով կարելի չէ հարցերը լուծել, այլ` երկխօսութեամբ:

Այլ գետնի վրայ, Միքաթի նշեց, որ անկարելի է նախորդ կառավարութիւններուն դիմագրաւած բոլոր հարցերը այս կառավարութեան ուսերուն բեռցնել եւ զայն պատասխանատու նկատել երկրին բոլոր հարցերուն:

Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է Լիբանանի մէջ գտնուող քարիւղի եւ բնական կազի ցամաքային հանքերը պեղել, ինչպէս նաեւ գումարներ ապահովել` վերանորոգելու եւ զարգացնելու համար Թրիփոլիի նաւահանգիստը:

Տաուք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին որոշուած է Թրիփոլիի մէջ ֆիուլ օյլի երեք պահեստանոցներ վերանորոգել: «Այս որոշումին կողքին կազմուեցաւ նաեւ յանձնախումբ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Միքաթիի եւ անդամակցութեամբ նախարարներ Ժըպրան Պասիլի, Մոհամետ Սաֆատիի, Մոհամետ Ֆընէյշի, Ղազի Արիտիի եւ Շաքիպ Քըրթպաուիի: Յանձնախումբին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ուսումնասիրել քարիւղի մարզի վարչութեան աշխատանքները», ըսաւ Տաուք:

Նշենք, որ նախքան կառավարութեան նիստին գումարումը, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նախագահեց Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներու աշխատավարձերուն վերաբերող նախարարական յանձնախումբի նիստին:

Նիստին ներկայ գտնուեցաւ կրթութեան նախարար Հասսան Տիապ, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի եւ վարչական բարգաւաճումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES